Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր լաւատեսութիւնը ապագային համար բախաւորութիւն պիտի բերէ նաեւ ձեզի պիտի տայ քաջութիւն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ կը սիրէք ընկերային կեանքը պիտի ծանօթանաք հետաքրքրական նոր անձերու, որոնց հետ սերտ կապեր պիտի հաստատէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հանգիստի պէտք ունիք, պայման չէ անկողին մնալը, օրը ապրեցէք աւելի հանդարտութեամբ եւ ձեր ուժը պիտի գտնէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յանկարծակի սիրահարութիւն մը պիտի ունենաք. պատրաստ եղէք այս անկակնկալ հանդիպումին. առիթ մըն է ձեզի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Համերաշխ ընտանիք մը ունիք, ուր ամէն մէկ անձ տրամադիր է օգնելու միւսին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վայելեցէք բնութեան շնորհները, որոնք առատօրէն ձեզի տրուած են: Երազային պահեր պիտի ապրիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շռայլ չէք եւ մտածելով կը ծախսէք ձեր դրամը: Կը նախընտրէք դրամը կարեւոր եւ արժէքաւոր նպատակներու յատկացնելու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ պարզ էք եւ` քիչով գոհացող: Այս նկարագիրը ձեզի հանգիստ կեանք մը կը պարգեւէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ձեզի հարցումներ կ՛ընեն` ձեր կարծիքը ստանալու, այդ կը նշանակէ, թէ մեծ վստահութիւն ունին ձեր վրայ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի վերագտնէք բարեկամներ, որոնց հետ ունիք հասարակաց կարծիքներ, եւ որոնց հետ նոր գործառնութիւններ պիտի ընէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ասպարէզին մէջ յառաջդիմելու համար պէտք է զիջումներ ընէք, կարծիքը առէք աւելի փորձառու մարդոց:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի ուսումնասիրէք օտար մշակոյթ մը, որ ձեզ կը հետաքրքրէ, եւ որ ձեր վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

 

Share this Article
CATEGORIES