50 Տարի Առաջ (29 Սեպտեմբեր 1964)

Հայկական Կեանք

Ցիր Ու Ցան Հայեր

600 Հայ Ընտանիքներ Կ՛ապրին
Ալֆորվիլի Մէջ, Ֆրանսա

Առաջին անգամ Ալֆորվիլ այցելող հայ մը իւրաքանչիւր քայլափոխին կը հանդիպի միջակ ու յառաջացած տարիք ունեցող անցորդներու որոնք բարձրաձայն հայերէն կը խօսին:

Սովորական երեւոյթ է հանդիպիլ տարեց ազգակիցներու, որոնք իրենց թոռնիկներուն հետ պտոյտի ելած են` անոնց հետ խօսելով գաւառացիի հնչումով մայրենի լեզուն ու երբեմն ալ թուրքերէն:

Մտէք օրուան որեւէ ժամուն հայկական սրճարան մը, պիտի տեսնէք բազմաթիւ հայրենակիցներ, որոնք թուղթ կամ նարտ կը խաղան հայերէն ու թուրքերէն պոռչտուքներով:

Հայերը տարածուած են ամբողջ Ալֆորվիլի մէջ: Համախումբ կ՛ապրին Փըթի Փոնի (Հայ եկեղեցիի մօտ) եւ Քառնոյի թաղամասերը:

Արֆորվիլի հայութիւնը 40 տարուան անցեալ մը ունի: Կը բաղկանայ մեծամասնութեամբ չենկլերցիներէ. կան Պուրսայի զանազան գիւղերէն հայեր, ինչպէս նաեւ` վերջին տարիներուն գաղթած քանի մը տասնեակ պոլսահայ ընտանիքներ:

Քանի մը տարի առաջ կատարուած քննութեան մը համաձայն, 600 հայ ընտանիքներէն 88-ը բարեկեցիկ են, 337-ը, միջակորեար, 175-ը համեստ: Չքաւոր չկայ: Հայերու կարեւոր մէկ մասը տանտէր է:

Ալֆորվիլահայերու 90 առ հարիւրին զբաղումն է կարի գործը (քոնֆեքսիոն). մօտաւոր անցեալին, անոնք գրեթէ ամբողջութեամբ ուրիշի հաշուոյն կ՛աշխատէին, այսօր իրենցմէ կարեւոր մաս մը խանութներու, օթօներու տէր եղած են ու իրենց քով կ՛աշխատցնեն բազմաթիւ արհեստաւորներ: Հայեր կը զբաղին նաեւ ուրիշ զանազան արհեստներով: Ազատ ասպարէզի կը հետեւին չորս հայեր` երկու բժիշկ (մէկը բժշկուհի) երկու ատամնաբուժ:

Օտարներու հետ ամուսնութիւնը վտանգաւոր համեմատութիւններու չէ հասած. 42 հայ երիտասարդներ եւ 30 հայ երիտասարդուհիներ օտար ամուսնութիւն կնքած են, ասոնցէ ոմանց զաւակներն ալ հայ կը մեծնան:

Դպրոցական տարիք ունեցող տղոց թիւ 300-ը կ՛անցնի. ասոնք կը յաճախեն ֆրանսական վարժարաններ:

Ալֆորվիլահայերու մէջ միայն հայերէն խօսողներու թիւն է 175 ընտանիք: Խառն կը խօսին 465 ընտանիք, իսկ 60 ընտանիք, որոնց մէջ պէտք է դնել օտարներու հետ ամուսնացողները, հայերէնը ամբողջութեամբ մոռցած են, հայերէն գիրք ու թերթ կարդացողներու թիւը հետզհետէ կը պակսի:

Ունին պզտիկ եկեղեցի մը: Հոգեւոր հովիւն է Պարգեւ քհնյ. Մերճանեան:

Կրթական կեանքը.- Ամբողջ Ֆրանսայի մէջ ամէնօրեայ երկու հայ վարժարաններ գոյութիւն ունին: Դպրոցասիրացի աղջկանց եւ Մխիթարեաններու տղոց դպրոցները: Ասոնցմէ դուրս ամէնօրեայ հայ վարժարաններ չկան: Ուրեմն, երբ կրթական կեանքի մասին խօսիլ հարկ ըլլայ, պէտք է հասկնալ միօրեայ կամ գիշերային դասընթացքները: Ֆրանսահայերը, ինչպէս նաեւ ալֆորվիլցիները օգտուելով ֆրանսական վարժարաններու հինգշաբթի օրերու դադարէն հաստատած են միօրեայ դասընթացքներ:

Այսօր միայն 50 աշակերտներ արձանագրուած են հինգշաբթի օրուան դպրոցին եւ անոնցմէ միայն 30-35 տղաք կանոնաւորաբար կը հետեւին դասերուն:

 

Գիտական Նորութիւններ

Ստամոքսի Գունաւոր Լուսանկարներ

Ճափոնցի գիտնականներ հնարած են մանրանկար մեքենայ մը, որ ստամոքսին մէջ իջեցուելով` մէկ վայրկեանէն 5 միլլիմեթր մեծութեամբ 32 գունաւոր լուսանկար կը քաշէ: Այս մեքենային շնորհիւ` մեծ չափով պիտի դիւրանայ ստամոքսի հիւանդութեանց ախտաճանաչումը:

Աշխատանքը Եւ Ուղեղային Հիւանդութիւնները

Անգլիացի տոքթ. Լիեպըրի համաձայն, աշխատանքի ժամերու կորսուելուն պատճառը ոչ թէ գործադուլներն են, այլ` ուղեղային հիւանդութիւնները: Օրինակի համար, Անգլիոյ մէջ ամէն տարի 18 միլիոն աշխատանքի ժամեր կը կորսուին, որովհետեւ, աշխատաւորները հոգեկան հիւանդութիւններ կ՛ունենան ու պէտք կ՛ըլլայ որոշ ժամանակաշրջան մը մասնաւոր հոգեբուժութեան ենթարկուիլ: Գործադուլներու պատճառով կորսուած ժամանակը տարեկան չորս միլիոն ժամ է միայն:

Տոքթ. Լիեպըրի համաձայն, ասոր պատճառը ա՛յն է որ ներկայիս, շատ մը պարագաներու մէջ, աշխատանքը կը չքացնէ անհատականութիւնը աշխատաւորին եւ զայն կը վերածէ ինքնագործ մեքենայի: Ասոր պատճառով օրկանիզիմին մէջ բուռն հակազդեցութիւններ յառաջ կու գան, եւ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը կը խախտի:

Զաւակ Չունեցող Կիները Եւ Արեան Բարձր Ճնշումը

Նորվեկիացի գիտնական մը երկար ուսումնասիրութիւններէ ետք յանգած է այն եզրակացութեան, թէ արեան բարձր ճնշում աւելի շատ կ՛ունենան զաւակ չունեցող կիները, քան թէ` ունեցողները:

Ապիսիլին

Անգլիացի գիտնականներ պատրաստած են փենիսիլինի նոր տեսակ մը, զոր մկրտած են Ապիսիլին անունով: Այս նոր դեղը կ՛առնուի բերնէն եւ մասնաւորաբար շատ օգտակար  շնչառական գործարաններու, միզային դրութեան եւ աղիքներու վարակիչ հիւանդութեանց դէմ: Սակայն պէտք չէ առնեն անոնք, որոնք այս անթիպիոթիկին դէմ գերզգայնութիւն ունին (ալերժի): Ատոր համար փոքր քանակութեամբ փորձ մը անհրաժեշտ է միշտ:

Լեարդի Տկարութիւնը Եւ Լուծողականները

Լեարդի տկարութենէ տառապողները պէտք է զգուշանան զօրաւոր լուծողականներէն (հնդկական իւղ, անգլիական աղ եւ այլն): Անգլիական աղը քիչ քանակութեամբ կրնան գործածել: Թեթեւ լուծողականները կրնան գործածել, պայմանաւ որ սովորութիւն չըլլայ անոնց գործածութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES