Թիւերը Ցոյց Կու Տան. Ինչո՞ւ Վիճակագրական Տուեալները Անհեթեթ Են

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՀԱՐՎԸՐՏ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂ ՄԸ ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ԲԱՂԴԱՏԵԼՈՎ` Կ՛ԱՊԱՑՈՒՑԷ, ԹԷ ՈՐՔԱ՛Ն ԴԻՒՐԻՆ Է ԱՆԻՐԱԿԱՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌՆԵՐ ԳԾԵԼԸ: «ԵԱՀՈՒ» ԿԸ ԹՈՒԷ ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՄՂԵՆ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԵՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ:

Ինչպէ՞ս կարելի է գիտնալ, թէ մարդկային ընկերութեան մէջ երկու տարբեր բաներ կրնան կապ ունենալ իրարու հետ: Շատեր կը դիմեն թիւերու եւ տուեալներու կամ` պաշտօնական վիճակագրութիւններու: Ապա շուտով կը յայտնուի մէկը եւ կը մէջբերէ ծանօթ խօսքը. «Սուտեր, անիծեալ սուտեր եւ վիճակագրութիւններ», զոր Մարք Թուէյն վերագրած է Պենճըմին Տիզրէյլիի, թէեւ շատ հաւանաբար ինք կրնայ ըսած ըլլալ:

Սակայն հարցը այն է, թէ ճարպիկութեամբ կարելի է իրարմէ տարբեր տեղեկութիւններ օգտագործել` որեւէ բան ապացուցելու համար: Օրինակ` կարելի՞ է հաւատալ, թէ մոցարելլա պանիրին սպառումը կապ ունի քաղաքացիական ճարտարագիտութեան մարզին մէջ վկայական ստացող շրջանաւարտներու թիւին հետ:

Հարվըրտ համալսարանէն իրաւագիտութեան ուսանող Թայլըր Վիկըն մէկտեղած է բազմաթիւ տուեալներ, որոնք գերիրական կապեր կը գծեն իրարմէ բոլորովին տարբեր վիճակագրական ուղղութիւններու միջեւ, ապացուցելու համար, թէ որքա՛ն դիւրին է սխալ կապակցութիւններ կատարել իրարմէ անջատ տուեալներու միջեւ:

Ստորեւ` 13 անհեթեթութիւններ:

1. Կովու միսի սպառումը կապ ունի կայծակնահար մեռնելու հետ.

Որքան մեծ թիւով ամերիկացիներ կովու միս սպառեն, նոյնքան մեծ թիւով անձեր կայծակնահար կը մեռնին: Արդեօք կովու միսի սպառումը կ՛աւելցնէ՞ ելեկտրական հաղորդումը, թէ՞ անոնք երկնային պատիժի կ՛արժանանան իրենց ախորժակին համար:

2. Նիքըլըս Քէյճի ժապաւէնները կապ ունին «Հարվըրտ Լօ Ռիվիու»-ի կին խմբագիրներու թիւին հետ.

Որքան բեղուն եղած է Քէյճի գործունէութիւնը, նոյնքան բազմացած են այս թերթին կին խմբագիրները:

3. Ամուսնալուծումի համեմատութիւնները կապ ունին մարկարինի սպառումին հետ.

Հազարաւոր սիւնակներ եւ հարիւրաւոր գիրքեր գրուած են առողջ ամուսնութեան մը գաղտնիքներուն մասին: Սակայն Մէյնի մէջ գաղտնիքը պարզ է. նուազ քանակութեամբ մարկարին պէտք է սպառել:

4. Մոցարելլայի սպառումը կապ ունի քաղաքացիական ճարտարագիտութեան հետ.

Կենցաղագիտութեան վերաբերող թերթեր 14 տարիէ ի վեր չեն անդրադարձած, թէ յաւելեալ մոցարելլա սպառելը կը բազմացնէ քաղաքացիական ճարտարագիտութիւն ուսանողներուն թիւը:

5. Սաւաններու պատճառով մահը կապ ունի դահուկելու յատուկ վայրերու արձանագրած եկամուտին հետ.

Դահուկելու հետ առնչուած վտանգները յստակ են: Սակայն չէինք գիտեր, թէ թաքուն վտանգ մը կ՛առնչուի դահուկելու յատուկ վայրերու արձանագրած եկամուտին եւ սաւաններու մէջ խեղդամահ ըլլալու հետ:

6. Պանիրի սպառումը կապ ունի սաւաններու պատճառով մեռնելու հետ.

Թերեւս դահուկելէ աւելի` պանիրի սպառումն է, որ կը բարձրացնէ թիւը սաւաններու մէջ խեղդամահ եղող անձերու: Գէթ այսպէս ցոյց կու տան տուեալները:

7. Անջրպետագնացութիւնը կապ ունի ընկերաբանութեան վկայականներու բազմացումին հետ.

Անվիճելի է, թէ ՆԱՍԱ-ի անջրպետագնացութեան ծրագիրները դրական անդրադարձ կ՛ունենան աշխարհի վրայ: Սակայն ցարդ չէ նշուած անոնց ներգործութիւնը` ընկերաբանութիւն ուսանողներու թիւին աճին վրայ:

8. Մեղուները կապ ունին մարիխուանայի հետ առնչուած ձերբակալութիւններու հետ.

Մեղուները չեն սիրեր թմրեցուցիչը: Մինչ կը բազմանան մարիխուանա ծխելու կամ վաճառելու պատճառով ձերբակալութիւնները, անդին` կը փոքրանան մեղուներու պարսերը: Մեղուները փրկելու համար պէտք է նուազ մարիխուանա ծխել:

9. Ուսողութեան վկայականները կապ ունին անցորդներու մահուան հետ.

Որքան բազմանան ուսողութեան մարզին մէջ դոկտորայի պատրաստուող անձերը, նոյնքան կը նուազի ինքնաշարժի կամ փոխադրակառքի արկածով մեռնող անցորդներուն թիւը: Յայտնապէս ուսողագէտները ամէնէն աւելի ծանօթ են վտանգներու դէմ զգուշացնող կանաչ խաչի նշանին:

10. Ընտանի անասունները կապ ունին իրաւաբաններու յաջողութեան հետ.

5dcc2560-e012-11e3-b4ff-bb498b65b483_money-spent-on-pets-us_number-of-lawyers-in-california

Ընտանի անասունները կապ ունին իրաւաբաններու յաջողութեան հետ. Աջին` միլիառաւոր տոլար, ձախին` իրաւաբաններու թիւ:

Որքան աւելի ընտանի անասուն վաճառուի, նոյնքան կը բարգաւաճի Քալիֆորնիոյ իրաւական ճարտարարուեստը: Արդեօք սուղ գինով վաճառուող անասունները ձեւով մը կապ ունի՞ն իրաւական հետապնդումներու հետ: Թերեւս հակառակը կը պատահի. լաւ վճարուած իրաւաբաններ իրենք զիրենք կը շփացնեն` ընտանի անասուններ գնելով:

11. Ոգելից ըմպելի սպառելու հետ առնչուած անձնասպանութիւնը կապ ունի չիփսի տոպրակներու գինին հետ.

Մինչ չիփսի տոպրակներուն չափը կը փոքրանայ եւ անոնց գինը կ՛աւելնայ տարուէ տարի, անդին` նոյն համեմատութեամբ կը բազմանան ոգելից ըմպելի սպառելու հետ առնչուած անձնասպանութեան դէպքերը:

12. Արքէյտ խաղերէն գոյացած եկամուտը կապ ունի համակարգչային գիտութիւններու դոկտորա ստացողներու թիւին հետ.

Գէթ այս մէկը տրամաբանական կը թուի ըլլալ: Որքան աւելի մեծ թիւով անձեր ուսանին համակարգչային գիտութիւններ, նոյնքան կը բարձրանայ հանրային վայրերու մէջ արքէյտ խաղերէն գոյացած եկամուտը:

13. Տեսողական արուեստները կապ ունին իյնալով մեռնող կիներու հետ.

Կը թուի, թէ Նիւ Եորքի մէջ կիներուն կայունութիւնը սերտօրէն առնչուած է ընդհանուր բնակչութեան ստեղծագործական արտադրութեան հետ: Տեսողական արուեստի իւրաքանչիւր գործ, որուն հեղինակի իրաւունքը կ՛արձանագրուի, կ՛օգնէ, որ Նիւ Եորքի մէջ նուազ թիւով կիներ իյնան եւ մեռնին: Ա՛յս է վիճակագրութիւններու ուժը:

Share this Article
CATEGORIES