Թիւերը Ցոյց Կու Տան. Ի՞նչ Են Աշխարհի Առաջնակարգ 10 Համալսարաններուն Յատկանիշները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Մասաչուսեց ինսթիթիւթ աֆ թեքնոլոճի կը գրաւէ առաջին դիրք:

Մասաչուսեց ինսթիթիւթ աֆ թեքնոլոճի կը գրաւէ առաջին դիրք:

ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԷԻՆ ԱՆԽՏԻՐ: ԱՅՍՕՐ ԱՆՈՆՔ ԿԸ ԲԱՂԴԱՏՈՒԻՆ` ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԻՐԵՆՑ ՀՌՉԱԿԻՆ, ԵԿԱՄՈՒՏԻՆ, ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԻՆ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ, ՔԱՆ ԹԷ` ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ԿԱՄ ՈՒՍՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԴԻՐՔԵՐՈՒ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՆԱՐԴԱՐ ՊԱՏԿԵՐԸ ԵՒ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ ՇՐՋԵԼՈՒ ՃԻԳԵՐԸ:

Գիտական եւ արհեստագիտական ուսումնասիրութիւններով հռչակաւոր Մասաչուսեց ինսթիթիւթ աֆ թեքնոլոճին յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` կը դասուի իբրեւ աշխարհի առաջնակարգ համալսարանը:

Գիտական նիւթերու վրայ հիմնուած այլ համալսարան մը` Իմփիրիըլ քոլեճ Լանտը, կը գրաւէ երկրորդ դիրքը Քէյմպրիճ համալսարանին հետ:

Աշխարհի ամէնէն հարուստ համալսարանը` Հարվըրտ, կը գրաւէ չորրորդ դիրքը: Բրիտանական երկու այլ համալսարաններ` Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտըն եւ Օքսֆորտ, կը գրաւեն հինգերորդ դիրք:

Նկատի ունենալով, որ Քինկ քոլեճ Լանտըն կը գրաւէ 16-րդ դիրքը, կը նշանակէ, թէ Լոնտոն 3 հաստատութիւններ ունի աշխարհի առաջնակարգ 20 համալսարաններուն շարքին:

Էտինպարայի համալսարանը կը գրաւէ 17-րդ դիրքը: Զուիցերիական երկու հաստատութիւններ` Ի. Թ. Հ. Զիւրիխ եւ Էքոլ փոլիթեքնիք Ֆետերալէ տը Լոզան մաս կը կազմեն առաջնակարգ 20 համալսարաններուն ցանկին:

Սակայն ամերիկեան համալսարաններ կը շարունակեն մնալ մեծամասնութիւն` գրաւելով 11 դիրք առաջնակարգ 20 համալսարաններուն ցանկին մէջ:

Թէեւ համալսարաններու կարգ մը ղեկավարներ կրնան սկեպտիկ մօտեցում ցուցաբերել նման դասաւորումներու նկատմամբ, սակայն սուր կերպով կը գիտակցին անոնց կարեւորութեան:

Օքսֆորտ համալսարան մուտքի դիմումնագիրներ քննող գրասենեակներու պատասխանատու Մայք Նիքըլսըն կ՛ըսէ. «Արդար պիտի ըլլար ըսել, թէ անմիտ պիտի ըլլար այն համալսարանը, որ մօտէն պիտի չհետեւէր նման ցանկերու կազմութեան»:

Դիրքի դասաւորումները դարձած են անխուսափելի մէկ մասը համալսարաններու հռչակին եւ վաճառանիշին: Անոնք կը նպաստեն ուսանողներ, դասախօսներ եւ ուսումնասիրութեան մարզին մէջ շահարկումներ ներգրաւելու:

Համալսարանի մը համացանցի կայքը ամբողջական կը դառնայ միայն այն ատեն, երբ կը նշէ, թէ հաստատութիւնը մաս կը կազմէ այս կամ այն մարզին մէջ առաջնակարգ 100 հաստատութիւններու շարքին:

Ինչպէ՞ս Գրաւել Առաջնակարգ Դիրք

Զարմանալին այն է, թէ նման դասաւորումներ համեմատաբար նորութիւն են բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառին մէջ:

Միայն 10-րդ տարին է, որ կը կատարուին աշխարհի առաջնակարգ համալսարաններու «Քիու. Էս.» դասաւորումները, իսկ 2003-ին էր, որ սկիզբ առին Շանկհայի Ճիաու Թոնկ համալսարանին կողմէ հրապարակուող Աշխարհի համալսարաններու ակադեմական դասաւորումները:

Իմփիրիըլ քոլեճ Լանտըն կը գրաւէ երկրորդ դիրք:

Իմփիրիըլ քոլեճ Լանտըն կը գրաւէ երկրորդ դիրք:

Այս դասաւորումները սկիզբ առած են բարձրագոյն կրթութեան համաշխարհայնացումին եւ համացանցի ճամբով տեղեկութիւններու փոխանակումին առընթեր:

Սակայն ինչպէ՞ս համալսարան մը կը գրաւէ առաջնակարգ դիրք` լաւագոյն հաստատութիւններու շարքին, եւ ինչո՞ւ այսքան փոքր թիւով հաստատութիւններ իրենց երկաթեայ թաթը դրած են առաջնակարգ դիրքերու վրայ:

«Քիու. Էս.»-ի դասաւորումներուն գլխաւոր գործօնը ակադեմական հռչակն է: Այս հռչակը կը գնահատուի վիճակագրութիւններ կատարելով աշխարհի տարածքին աւելի քան 60 հազար ակադեմականներու վրայ` անոնց կարծիքը հարցնելով իրենց ծառայած հաստատութիւններէն տարբեր բարձրագոյն ուսման կեդրոններու յատկանիշներուն վերաբերեալ:

«Քիու. Էս.»-ի վարչական պատասխանատու Պեն Սաութըրի համաձայն, ասիկա կը նշանակէ, թէ իրենց վարկը եւ վաճառանիշը հաստատած համալսարաններ հաւանական է, որ աւելի բարձր դիրքեր գրաւեն:

Երկրորդ գլխաւոր գործօնը իւրաքանչիւր հաստատութեան նշումն է` իբրեւ աղբիւր: Անիկա կ՛արժեւորէ համալսարաններու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն ուժը` հաշուելով, թէ քանի՛ անգամ տարբեր ուսումնասիրողներու կողմէ մէբերուած են տուեալ համալսարանի մը մէջ կատարուած ուսումնասիրական աշխատանքները:

Ուսանողներու թիւին հետ համեմատած` ակադեմական պաշտօնէութեան թիւը եւս գլխաւոր դեր ունի դիրքերու դասաւորումի որոշումներուն մէջ:

Մեծ Վաճառանիշներ

Այս երեք գործօնները` հռչակ, ուսումնասիրութիւններու նշում, պաշտօնէութեան եւ ուսանողութեան թիւերու համեմատութիւններ դերակատար են դիրքի դասաւորումներուն 80 առ հարիւրին մէջ: Հաշուի կ՛առնուի նաեւ համալսարանի մը միջազգային դիմագիծը` ակադեմական պաշտօնէութեան եւ ուսանողութեան պատկերով:

Հարվըրտի ակադեմական հռչակը կը բացատրէ համալսարաններու դասաւորումներու մէջ անոր բարձր դիրքը:

Հարվըրտի ակադեմական հռչակը կը բացատրէ համալսարաններու դասաւորումներու մէջ անոր բարձր դիրքը:

Ասիկա կը նշանակէ, թէ առաջնակարգ դիրքեր գրաւելու չափանիշները կը լրացնեն մեծ, մակարդակաւոր, ուսումնասիրութիւններու վրայ կեդրոնացած, գիտական զօրաւոր բաժանմունքներով եւ միջազգային լայն գործակցութիւններ ծաւալող համալսարանները:

Արդեօք ասիկա համալսարանները դասաւորելու արդա՞ր ձեւ մըն է: Այստեղ ոչ մէկ ակնարկութիւն կը կատարուի ուսուցանելու որակին կամ ուսանողներու կարողութիւններուն վերաբերեալ:

«Սպառիչ ձեւով չենք քններ համալսարաններուն գործունէութիւնը», կ՛ըսէ Սաութըր:

«Միշտ ալ բութ պիտի ըլլայ մեր գործիքը», կ՛աւելցնէ ան, ինչ որ միաժամանակ տկարութիւն է եւ ուժ` նման ցանկերու մէջ:

Գաղթականներու Դերը

Սաութըր կը վիճի, թէ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կատարուող նման դասաւորումներու ընդհանուր ներգործութիւնը դրական է: Անիկա առիթ տուած է, որ համալսարաններ աւելի լաւ ճանչնան իրենք զիրենք եւ բաղդատութիւններ կատարեն իրենց մրցակիցներուն հետ:

«Միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են նախատիպարներու վրայ հիմնուած լռելեայն դասաւորումներ», կ՛ըսէ ան: Հետեւաբար այժմու թափանցիկութիւնը առիթ կու տայ յաւելեալ վիճարկութեան:

Սակայն նման դասաւորումներու ստեղծումը ունի իրեն յատուկ ներգործօն ուժը, եւ Սաութըրի բառերով` արձանագրուած են չնախատեսուած անդրադարձներ:

«Ոմանք շատ կը կեդրոնանան այս դասաւորումներուն վրայ», կ՛ըսէ ան: Կարգ մը համալսարաններու առաքելութեան բանաձեւերուն մաս կը կազմէ իրենց դիրքը բարելաւելու նպատակը:

Դիրքի դասաւորումները նաեւ ստացած են կէս պաշտօնական բնոյթ: Օրինակ` Դանիոյ գաղթականական օրէնքները յաւելեալ կէտեր կը շնորհեն դիմողներու` անոնց աւարտած համալսարանին դիրքին համաձայն:

Դիրքերու դասաւորումին մէջ մագլցելու մղումը պատճառ դարձած է, որ կարգ մը համալսարաններ խախտեն օրէնքները եւ սխալ տեղեկութիւններ փոխանցեն, ինչպէս կ՛ըսէ Սաութըր:

«Թայմզ» թերթը յառաջիկայ ամիս «Աշխարհի բարձրագոյն ուսման համալսարաններու դասաւորումները» հրապարակելէ առաջ  մանրամասնօրէն կը բնորոշէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մաս կազմել աշխարհի առաջնակարգ 200 համալսարաններուն:

Թերթին համաձայն, համալսարան մը իւրաքանչիւր ակադեմական պաշտօնեայի դիմաց պէտք է արձանագրէ 750 հազար տոլարի եկամուտ, 12 ուսանողի դիմաց պէտք է ունենայ մէկ ակադեմական պաշտօնեայ, պաշտօնէութեան եւ ուսանողութեան 20 առ հարիւրը պէտք է ունենայ միջազգային դիմագիծ, ուսումնասիրութիւններէ գոյացած եկամուտը պէտք է հասնի 230 հազար տոլարի` իւրաքանչիւր ակադեմական պաշտօնեայի դիմաց:

«Մեծ գումարներ պէտք է շահիլ` վճարելու համար աշխատավարձերը, ներգրաւելու եւ պահելու համար առաջատար գիտնականները, ինչպէս նաեւ` ստեղծելու համար անհրաժեշտ կառոյցներն ու սպասարկութիւնները», կ՛ըսէ «Թայմզ» թերթին համալսարաններու դասաւորումներուն խմբագիրը` Ֆիլ Պեթի:

Բազմակողմանի Դասաւորումներ

Անկախ` թէ ինչպէ՛ս կ՛որոշուին դիրքերու դասաւորումներ ցոյց տուող ցանկերը, անոնք անվիճելի քաշողականութիւն մը ունին:

«Լաւ, թէ վատ, դիրքերու դասաւորումները կարգ մը համալսարաններու եւ երկիրներու մէջ մեծ ներգործութիւն կ՛ունենան ուսանողներու վրայ, ինչպէս նաեւ` պետական ղեկավարներու», կ՛ըսէ Պոսթըն քոլեճի Միջազգային բարձրագոյն կրթութեան կեդրոնի տնօրէն Ֆիլիփ Ալթպախ:

Տնտեսական գործակցութեան եւ բարգաւաճումի կազմակերպութեան (Օ. Ի. Սի. Տի.) ղեկավար Անտրէաս Շլայխըր կը վիճի, թէ համալսարաններու դիրքերու դասաւորումը պէտք է հիմնուի ուսանողներուն ամբարած գիտելքներուն եւ անոնց իւրացուցած կարողութիւններուն վրայ:

Տնտեսական գործակցութեան եւ բարգաւաճումի կազմակերպութեան (Օ. Ի. Սի. Տի.) ղեկավար Անտրէաս Շլայխըր կը վիճի, թէ համալսարաններու դիրքերու դասաւորումը պէտք է հիմնուի ուսանողներուն ամբարած գիտելքներուն եւ անոնց իւրացուցած կարողութիւններուն վրայ:

Սակայն ան վերապահութիւն կը յայտնէ այն գործօններուն նկատմամբ, որոնք նկատի կ՛առնուին եւ կը չափուին: Արդեօք ճի՞շդ է  ուսումնասիրական հարուստ ծրագիրներ մշակած եւ նման ծրագիրներէ զուրկ համալսարանները բաղդատել իրարու:

Համալսարաններու միջեւ այլ ձեւի բաղդատութիւններ կատարելու փորձ մը կատարուած է այս տարուան սկիզբը` Եւրոպական Միութեան կողմէ, որ մշակած է «Մալթիրենք» ծրագիրը:

Այս ծրագիրը նուազ շեշտ կը դնէ հռչակի վրայ եւ առիթ կու տայ ուսանողներուն ընտրելու իրենց սեփական չափանիշները` բաղդատութիւններ կատարելու համար:

Գաղափարը այն է, թէ ուսանող մը, որ կը փափաքի հետեւիլ արուեստի դասընթացքի մը, իրականութեան մէջ շատ բան չի հասկնար` դիմելով միջազգային գիտական ուսումնասիրական ծրագիրներու վրայ հիմնուած դասաւորումներու:

Հաւանաբար կարելի է որդեգրել համալսարաններու բաղդատութեան բոլորովին տարբեր ձեւ մը:

Տնտեսական գործակցութեան եւ բարգաւաճումի կազմակերպութեան (Օ. Ի. Սի. Տի.) ղեկավար Անտրէաս Շլայխըր, որ հիմը դրած է դպրոցական մակարդակներու բաղդատութեան «Փիսա»-ի քննութիւններուն, կը փափաքի նոյն ձեւի բաղդատութիւններ կատարել համալսարանական մակարդակի վրայ:

Ան կ՛ըսէ, թէ հանրութիւնը պահանջը ունի համալսարաններու որակի գնահատումին:

Սակայն, դրամի, պաշտօնէութեան եւ սպասարկութիւններու գործօնները նկատի առնելու փոխարէն, ան կը փափաքի չափել կրթութեան արդիւնքը` հիմնուելով ուսանողներուն ամբարած գիտելքներուն եւ անոնց իւրացուցած կարողութիւններուն վրայ:

Ան կ՛ըսէ, թէ մօտ օրէն պիտի հրապարակուի համալսարաններու դիրքի դասաւորումի տարբեր ձեւ մը, որ պիտի ներկայացուի կազմակերպութեան մաս կազմող պետութիւններուն:

Դժուար չէ նկատել համալսարաններու դիրքերու դասաւորումներուն սահմանափակումները: Իրականութեան մէջ անոնք կը չափեն համալսարանի մը առաւելութիւնները, քան թէ` ուսանողներուն կարողութիւնները: Անոնք մեզի կը հրամցնեն ցանկ մը, ուր կ՛իշխեն որոշ տեսակի հաստատութիւններ: Հետեւաբար, փոքր, մասնագիտացած, արուեստներու վրայ հիմնուած համալսարանները մեծապէս կը տուժեն` անկախ իրենց մակարդակէն:

Այն համալսարանները, որոնք կը կեդրոնանան ուսուցանելու վրայ, եւ ոչ թէ` ուսումնասիրելու, ճանաչում չեն գտներ դիրքի այս ձեւի դասաւորումներու մէջ: Հռչակի վրայ դրուած շեշտը կ՛աւելցնէ արդէն հռչակաւոր համալսարաններու վայելած առաւելութիւնը: Իսկ համաշխարհային նման դասաւորումներու մէջ առաջնակարգ բարձրագոյն դիրքերը մենաշնորհն են անգլիախօս համալսարաններուն:

Այսուհանդերձ, դիրքերու դասաւորումներու այս ձեւի ցանկեր կը շարունակեն խտացնել անժխտելի եւ ուշադրութիւն գրաւող ուժ:

«Այն իրողութիւնը, թէ մարդիկ կը վիճին դիրքերու դասաւորումներ ներկայացնող ցանկերու մասին, բաւարար պատճառ է`  փոփոխութիւն մը խթանելու», կ՛եզրափակէ Սաութըր:

 

Աշխարհի Առաջնակարգ 20 Համալսարանները
(«Քիու. Էս.»-ի 2014-ի Արդիւնքները)

Պաշտօնէութեան եւ ուսանողութեան թիւերու համեմատութիւններ դերակատար են դասաւորումներուն մէջ:

Պաշտօնէութեան եւ ուսանողութեան թիւերու համեմատութիւններ դերակատար են դասաւորումներուն մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

1. Մասաչուսեց ինսթիթիւթ աֆ թեքնոլոճի
2. Իմփիրիըլ քոլեճ Լանտըն
3. Քէյմպրիճ համալսարան
4. Հարվըրտ
5. Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտըն
5. Օքսֆորտ համալսարան
7. Սթանֆորտ համալսարան
8. Քալիֆորնիա ինսթիթիւթ աֆ թեքնոլոճի
9. Փրինսթըն
10.Եէյլ
11.Շիքակոյի համալսարան
12.Ի. Թ. Հ. Զիւրիխ
13.Փենսիլվանիոյ համալսարան
14.Քոլոմպիոյ համալսարան
14.Ճոն Հոփքինզ համալսարան
16.Քինկզ քոլեճ Լանտըն
17.Էտինպարայի համալսարան
17.Էքոլ փոլիթեքնիք Ֆետերալէ տը Լոզան
19.Քորնելի համալսարան
20.Թորոնթոյի համալսարան

 

Share this Article
CATEGORIES