Հայաստան Նեցուկ Կը Կանգնի Կաթողիկոսարանի Թուրքիոյ Դէմ Դատական Հարցին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-սփիւռք համաժողովի հազարէ աւելի մասնակիցները բուռն ծափահարութիւններով ընդունեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին անսպասելի յայտարարութիւնը առ այն, որ կաթողիկոսարանը դատական հայց պիտի ներկայացնէ թրքական դատական ատեանին` պահանջելով վերադարձնել 1915-1923-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին իր գրաւած կալուածները: Վեհափառը բացատրեց, որ նախքան այս կարեւոր որոշման կայացումը` ինք վերջին երկու տարիներուն ընթացքին խորհրդակցած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու հետ:

Յայտարարելով, որ հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներուն նկատմամբ անտարբեր մնալը համազօր է ազգային դաւաճանութեան` կաթողիկոսը կոչ ըրաւ հայերուն Ցեղասպանութեան հարցերը դուրս բերելու Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման նեղ շրջանակներէն եւ հեռու մնալու այն մտածելակերպէն, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայ դատի վերջնական նպատակն է: Մեկնելով այն համոզումէն, որ եկած է Թուրքիայէն հայկական պահանջները իրաւական դաշտ փոխադրելու ժամանակը, վեհափառը յայտարարեց, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը շուտով դատական հայց պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` պահանջելով վերադարձնել իր պատմական կեդրոնը` Սիսի կաթողիկոսարանը: Կաթողիկոսը ըսաւ, որ եթէ թրքական դատարանը մերժէ դատը, ինչ որ հաւանական է, ուստի կաթողիկոսարանը պիտի դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Ան միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ յիշեալ դատը անխուսափելիօրէն «դուռ պիտի բանայ» մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան ու սեփական կալուածներու վերադարձի թղթապանակին:

Թէեւ ասիկա շատ լաւ լուր է բոլոր անոնց համար, որոնք տարիներ շարունակ կ՛առաջարկէին Թուրքիոյ դէմ դատ բանալ, սակայն նման դատավարութիւններ կը պահանջեն մանրակրկիտ նախապատրաստական աշխատանք` բարձրակարգ միջազգային իրաւաբաններու կողմէ: Ի դէպ, անկախ այն բանէն, թէ որքան արդար է մեր դատը, ոչ ոք կրնայ դրական արդիւնք երաշխաւորել դատարանէն` հաշուի առնելով արտաքին տարբեր ազդեցութիւնները դատարաններու վրայ եւ ընթացակարգերու օգտագործումը իբրեւ արդարացում 100 տարուան վաղեմութիւն ունեցող գանգատը մերժելու համար:

Իր ելոյթին մէջ կաթողիկոսը ակնարկեց որոշ խոչընդոտներու` ընդունելով, որ «միջազգային օրէնքները այնքան ալ նպաստաւոր չեն մեր դատին համար»: Մտահոգիչ է այն, որ ան, կարծես թէ հաշուի չ՛առներ այսպիսի դատական գործ մը կորսնցնելու պարագային անոր կործանարար հետեւանքները Հայ դատին վրայ, պնդելով, որ` «եթէ դատը կորսնցնենք, դարձեալ յաղթանակած պիտի ըլլանք, որովհետեւ ցեղասպանին ու միջազգային հանրութեան գործնականօրէն յիշեցուցած պիտի ըլլանք, որ հայ ժողովուրդը պահանջատէր է իր իրաւունքներուն` անկախ անկէ, թէ քանի տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն»: Թուրքիոյ կառավարութիւնը, անշուշտ, պիտի շահարկէ նման բացասական վճիռ` ամբողջ աշխարհի մէջ խեղաթիւրելով իր յաղթանակը իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր պահանջներու մերժում:

Կաթողիկոսարանի նախաձեռնութենէն դուրս, վեհափառը կոչ ըրաւ Հայաստանի կառավարութեան` Թուրքիոյ դէմ իր սեփական հայցը ներկայացնելու Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան), ուր միայն պետութիւնները դատ բանալու իրաւունք ունին: Անցեալ տարի, սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ, հայ իրաւաբաններու միջազգային համաժողովին ձեւաւորուեցաւ աշխատանքային խումբ մը Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ` ուսումնասիրելու Թուրքիոյ դէմ Համաշխարհային դատարան հայց ներկայացնելու իրաւական հետեւանքները: Աշխատանքային խումբը կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրելի զանազան իրաւական տարբերակները:

Հաշուի առնելով Հայաստանի կառավարութեան զգուշաւոր մօտեցումը Թուրքիան դատի տալու հարցով` միանգամայն զարմանալի էր, որ Հայաստան-սփիւռք համաժողովին ընթացքին, երբ լրագրողը հարցում ուղղեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, թէ ինչպէ՞ս կ՛արձագանգէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ Թուրքիոյ դէմ դատական հայց ներկայացնելու լուրին, ան խանդավառ եւ առանց վարանելու պատասխանեց, որ` «դրա մասին երկու կարծիք լինել չի կարող: Պէտք է միայն պաշտպանել նման կարեւոր նախաձեռնութիւնը»:

Հաճելի զուգադիպութեամբ, համաժողովի մասնակիցներուն բաժնուեցան «Արդարացի լուծում. հատուցում Հայոց ցեղասպանութեան համար» խորագիրը կրող ծաւալուն զեկոյցի ամփոփագիրն ու ներածականը: Զեկոյցը պատրաստուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սկզբնական ֆինանսաւորումով, Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումը ուսումնասիրող խումբին կողմէ, որուն անդամներն են` Ալֆրետ տը Զայաս, Ճերմէյն Օ. ՄքՔալպին, Արա Պապեան եւ Հանրի Թերիօ: Ճորճ Աղճայեան եղած է խորհրդատու: Ծաւալուն զեկոյցը հատուցման հարցը կը քննարկէ իրաւական, պատմական եւ բարոյական տեսանկիւններէ:

Պարզ է, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին շարք մը լուրջ աշխատանքներ կը տարուին` տարբեր դատարաններու միջոցով արդարութիւն պահանջելու 1915-1923 Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած հսկայական մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Share this Article
CATEGORIES