Պալատը Իր Տիրոջ Կը Սպասէ

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

«… Եւ իրօք, կարծում եմ, որ հայերի համար էլ վիրաւորական
կը լինէր, եթէ յանկարծ պարզուէր, որ Էրտողանը հայ է»:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան

Մէկ-երկու տարի առաջ թրքական մամուլին մէջ ցեղասպանութեան պատճառը բացատրելու հերթական հրապարակումներէն մէկը` 2013-ի վերջերուն լոյս տեսած, կ՛առնչուէր Չանքայայի նախագահական պալատին: Մասնաւորաբար կը շեշտուէր այն հանագամանքը, թէ պալատը պատկանած է Անգարայի մէջ բնակող Գասապեան ընտանիքին, այլ խօսքով` հայերու:  Նոյն օրերուն հետաքրքրական մեկնաբանութիւն մը կը տրուէր օրուան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դիմագրաւած դժուարութեանց. իր դահլիճին պատկանող երեք  նախարարի եւ իրենց որդիներուն զեղծումներուն եւ կաշառակերութեան ամբաստանութիւններով, հասնելով մինչեւ վարչապետը` իր զաւկին վերագրուած նոյն զրպարտութիւններով: Վարչապետը հակադարձեց բաւական խիստ եւ զայրացած կերպով, իսկ առայժմ, այս օրերուն գոնէ, հանգիստ կը թուի ըլլալ` ի հեճուկս եղած մեղադրանքներուն:

Այս ամբաստանութիւնները ծանր էին ու տակաւին են, եւ ստեղծուած վիճակը կը ներկայացուէր իւրայատուկ, բայց ծանրակշիռ իրականութեամբ` քաղաքական ներկայ խմորումները զետեղելով ոչ շատ հեռու անցեալի խորապատկերին մէջ եւ պատմական հանգամանքին ընդհանուր համաբնոյթով շրջանակուած: Կ՛ըսուի, թէ Ցեղասպանութեան հիմնական պատճառը այն է, որ հարիւր տարի առաջ թուրք վերնախաւը անդրադարձաւ իր ունեցած հարստութեան անբաւարարութեան եւ հարստանալու ամէնէն կարճ ուղին տեսաւ Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմող ոչ իսլամներու, նախ եւ առաջ հայերու ու յաջորդաբար յոյներու, ասորիներու եւ մասամբ մըն ալ հրեաներու ոչնչացումին մէջ` արմատախիլ ընելով զանոնք իրենց տուներէն, մատնելով բռնագաղթի` թուրք ժողովուրդի խանդավառ ու տենդագին մասնակցութեամբ ոչնչացնելով բոլորը, այլ խօսքով` ցեղասպանութեամբ, այսպիսով միանգամընդմիշտ վնասազերծելու համար հայոց ներկայացուցած վտանգը:

Թուրքերը իրենց վայրենածին բնազդին մէջ ճիշդ էին, բայց միեւնոյն ատեն` չէին:  Ճիշդ էին` երկիրը մաքրեցին հայերէ, բայց ոչ` ամբողջ հայութիւնը, եւ ուրեմն սխալեր էին իրենց հաշուարկներուն մէջ:  Թուրք հրապարակագիր Արտըչ վերը ակնարկուած յօդուածին մէջ այս բոլորին կու տայ տարբեր մեկնաբանութիւն` զուգահեռներ գծելով Էրտողանի դիմագրաւած դժուարութեանց եւ փոքրամասնութեանց հանդէպ պետական քաղաքականութեան` բռնագրաւուած հողատարածքի, ինչքերը իրենց տէրերուն վերադարձնելու գործընթացին դանդաղութեան  կամ փոխանցումները ուղղակիօրէն դադրեցնելու միջեւ: Յատկանշական է մեծահարուստներու կեցուածքին մասին իր բացատրութիւնը` դիմադրելու առումով, «որովհետեւ հիմա, երբ տնտեսութեան վիճակը լաւ է, չենք ուզեր միլիառաւոր տոլարներու հատուցում  վճարել:  Ասոր համար է, որ կը զօրակցինք կառավարութեան»:  Էրտողան նախաձեռնեց շարք մը ծրագիրներու իրականացման, որոնց իբրեւ արդիւնք` հանդուրժողութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ. ցեղասպանութեան մասին անկաշկանդ  խօսիլ սկսան, եղան ցոյցեր եւ կազմակերպուեցան ապրիլ 24-ի նուիրուած յուշ- երեկոներ անպատիժ կերպով: Սակայն պատմութեան հետ առերեսուելու, պատմութեան անհաճոյ իրականութեանց հետ հաշուի նստելու եւ շարք մը կալուածներ վերադարձնելու քայլերը տեղի չունեցան: Մօտ ապագային անկարելի չէ ակնկալել  Էրտողանէն, որ ընդունի Ցեղասպանութեան իրականութիւնը եւ թերեւս 100-ամեակին  Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելէ,  ուր արդէն իսկ հրաւիրուած է իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ:  Ահաւասիկ, ուրեմն, անցեալը նկատի առնելով եւ մեկնաբանելով ներկան, յօդուածագիրը կը հաստատէ, որ այժմու  հարուստ դասակարգը իր հարստութիւնը ժառանգած իր պապերէն, եւ անոնք իրենց կարգին` մեր նահատակներու սրբալոյս արիւնով շաղախուած հարստութեան տիրացած` հայ տէրերը կողոպտելէ եւ կոտորելէ ետք, «տուները, արտերը ձեռք ձգեցին:  Ոմանք մեկնողներուն ինչքերուն վրայ ձեռք դրին, ուրիշներ ալ ուղղակի տէրերը սպաննելով անոնց ինչքերուն տէր դարձան»` վերածուելով ախտավարակ  դիակապուտներու: Այս վերջինները` Ցեղասպանութեան ժամանակակից ուրացող հարուստները, եթէ ուզէին իսկ, չէին կրնար մասնակից ըլլալ կոտորածին, բայց ժառանգելով այդ հարստութիւնը` իրենց ձեռքերը կորսնցուցին մաքրութիւնը` մեր նահատակներուն արեան լերդացումով: Առաւել եւս ու անգիտակցաբար, անոնց ժառանգորդները մասնակից եղան մեր ժողովուրդի ցեղասպանութեան, ընդունին կամ ոչ:

Այդ հարստութիւնը սկսած է նուազիլ եւ հարուստները  չքանալու վտանգին տակ են, եթէ  Էրտողանի գլխաւորած թրքական պետութիւնը հետեւողական կերպով վերադարձնէ հայապատկան ինչքերն ու տարածքները:  Այդ հեռանկարը կը նպատակադրէ քակտել մեծահարուստ բացիլայեղց ջոլիրը:  Կրնա՞յ Էրտողան նախաձեռնել եւ իրականացնել այսպիսի փոխանակումներ` ինչքի, հողի վերադարձը, եւ ի վերջոյ արժանանալ մեր ժողովուրդի,  ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան շնորհապարտութեան:Այսպիսի եզրայանգում անկարելի չէ`  նկատի ունենալով  Էրտողանի գործելաոճի յախուռն խառնուածքը:

*
*   *

Չանքայայի նախագահական ապարանքը վերջերս կրկին խօսեցնել տուաւ իր մասին(«Մարմարա», 15 յուլիս, 2014):  Այս անգամ հարցը այն է, թէ թրքական պետութիւնը գնա՞ծ  էր զայն, թէ՞ անիկա երկինքէն ինկած միլիոնաւոր կարմիր խնձորներէն մէկն էր 1915-ին:  Ըստ թրքական պետութեան, ապարանքը գնուած էր Պուլկուրճուզատէ անունով թուրքէ մը, բայց յայտնի չէ, թէ վերջինս ինչպէ՛ս  տիրացած էր շէնքին: Գասապեան գերդաստանի վերջին  ժառանգորդներէն` Եդուարդ Չուխաճըի համաձայն, այդ «ապարանք»-ը պարզապէս իւրացուած կամ բռնագրաւուած 1915-ի տեղահանութեան ընթացքին, ոչ ոքի ծախուած է:  Այս իրականութիւնը հեքիաթի կը վերածուի, երբ թուրքերը կը պատմեն, թէ Քեմալ Աթաթուրք  հաւնած է ապարանքը, եւ իր շրջապատի մեծահարուստները հանգանակած են 4,500 լիրա, վճարած են Թեֆիք Պուլկուրճուզատէին եւ գնած` շէնքը, բան մը, որ մտածել կու տայ, թէ անոնք պարզապէս ձեռք դրած են անոր վրայ, եւ տրուած  գումարը, եթէ ճիշդ է, պարզապէս մխիթարական բնոյթ կը կրէ: Դժուար է հաւատալ նաեւ, թէ հաւաքուած 4,500 լիրան թուրք մեծահարուստները տուած ըլլան իրենց քսակէն եւ ոչ թէ` մեր նահատակներուն կողոպուտէն գոյացած գումարներէն:

Պատմութիւնը, սակայն, կը շարունակուի. Անգարայի 2,700 հայերուն տեղահանութենէն եւ գրեթէ բոլորին սպանութենէն ետք, միայն 34 հոգի կը հասնի Մեսքենէի կառափնատը: Այդ վերապրողները կը պատկանին Գասապեան գերդաստանին, որուն փեսաներէն մին Գոնիայի մէջ կը յաջողի զիրենք հանել գաղթողներու «թափօր»-էն եւ արտասահման ուղարկել:

Չանքայայի նախագահական պալատին հարցը այս անգամ արծարծուած է քիւրտ հրապարակագիրի մը` Շեհմուս Տիքենի կողմէ:  Յօդուածին աւարտին հրապարակագիրը Թուրքիոյ նախագահական քիւրտ թեկնածուին` Սելահէտտին Տեմիրթաշին կը թելադրէր բացայայտել նախագահական պալատին հետ կապուած ամբողջական պատմութիւնը: Իբրեւ ածանցեալ հարց` կ՛ակնարկուի նաեւ  նոյն շրջանին մէջ` ՔեչիԷօրենի Գասապեաններուն պատկանած  բնակարանին բռնագրաւուած այս անգամ Քոչ ընտանիքին կողմէ եւ սեփականացուած: Ներկայիս Քոչ գերդաստանին անդամները  Թուրքիոյ երեւելի մեծահարուստներու շարքին են, եւ ուրեմն իրենց հարստութիւնը եւս մեր նահատակներու լերդացած արիւնով յագեցած է: Հետեւաբար հազիւ թէ համաձայն ըլլան Էրտողանի քաղաքականութեան` վերադարձնելու բռնագրաւուած ինչքերը իրենց տէրերուն:

*
*   *

Իրականութիւն մը եւս կայ: Փաստօրէն, ատենին թրքական պետութիւնը Աթաթուրքի որոշումով թրքերէնը արդիականացնելու համար դիմած էր հայ լեզուաբան Յակոբ Մարթայեանին (Տիլաչար) եւ յարմար  նկատած էր գողնալ հայ ընտանիքի մը շքեղ ապարանքը` զայն դարձնելով նախագահական նստավայր: Կարելի է միայն զիրենք շնորհաւորել առնուազն իրենց… լաւ ճաշակին համար:

Արդ, Սպիտակ տան կամ Քրեմլինին կամ Էլիզէին եւ այլ պետութեանց նախագահական նստավայրերուն նման, թրքական պետութեան խորհրդանիշը եղող Չանքայայի պալատը մե՛րն է:  Անիկա նաեւ հայութեան ներկայութիւնը ապացուցող խորհրդանիշն է Թուրքիոյ մէջ:  Պալատին մէջ անոր պատերէն կախուած են նաեւ Այվազովսկիի պաստառներէն մէկ քանին: Այս բոլորը կ՛ըսենք` ներկայացնելու համար պահանջ/առաջարկ մը, որ իր պարզութեամբ խորհրդանշական է ու զգայացունց, եւ յատկապէս անշրջելի անդրադարձ կ՛ունենայ թրքական պետութեան հետագայի հայեւթուրք նախաձեռնութեանց վրայ:

էրտողան քանի մը տարի առաջ բացատրեց  մեր ցեղասպանութան իրականութեան իր մերժումին պատճառը. իր նախահայրերը ոճրագործներ չէին:  Տիքենի վերի բացատրութիւններէն յայտնի կ՛ըլլայ, թէ Չանքայայի ապարանքը, Քեչիէօրէնի բնակարանը, Սանասարեանի շէնքը եւ բազմաթիւ այլ շէնքեր թրքական պետութեան եւ ժողովուրդին կողմէ պետական քաջալերանքով բռնագրաւուած են անոնց տէրերը տեղահանելէ եւ կոտորելէ ետք:  Պահ մը տեսականօրէն մէկդի դնենք սպանութիւնները, որպէսզի կարենանք լուծել Չանքայայի թնճուկը: Պահ մը նաեւ անտեսենք Էրտողանի նախնիներուն ոճրագործութեան մասնակից ըլլալուն կամ չըլլալուն հանգամանքը:  Արդ, Էրտողան մեզի հետ համաձայն պիտի ըլլա՞յ այն եզրակացութեան հետ, թէ իր նախահայրերը հասարակ… աւազակներ էին, մէկդի դնելով առայժմ իրենց ոճրամիտ խառնուածքները, անասնական բնազդները, բորենիի յատուկ ախորժակները:  Շատ հաւանական է, որ Էրտողան ասոր ալ համամիտ չ՛ըլլար, եւ չենք զարմանար: Սակայն հիմնական խնդիր մը կայ լուծելիք: Լսած ենք, թէ ինք ասպարէզով ճարտարապետ է եւ ուրեմն գիտէ, թէ որքա՛ն ճշգրիտ պէտք է ըլլան իր հաշուարկները շէնքի մը շինարարութեան ատեն, որովհետեւ փոքր սխալ մը աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ:  Առայժմ  էրտողանի առջեւ ծառացող խնդիրները հայ եւ թուրք պետութեանց, ժողովուրդներու յարաբերութիւններն ու հաշտ գոյակցութիւնն են:  Ինք կրնայ անտեսել այս բոլորը, ինչպէս 1921-էն ի վեր յաջորդական բոլոր իշխանութիւնները ըրին` առանց անդրադառնալու, թէ այդ փորձերը Թուրքիան վերածած են Եւրոպայի միակ ջայլամային պետութեան: Հակառակ այդ իրականութեան` տակաւին իր կարողութիւններու սահմաններուն մէջ է այդ յարաբերութիւնները բնականոն հարթակի բարձրացնելը, որպէսզի բոլորս զիրար ճանչնանք եւ միատեղ վերջնական լուծումը գտնենք: Գիտենք, թէ դժուար պիտի ըլլայ, բայց մեր երկու ժողովուրդներու կարողութիւններուն սահմաններէն վեր չէ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ թուրք ժողովուրդի ծնատաշտի հսկայական մէկ տոկոսը հայկական է: Այլ խօսքով, այդ կենսաբանական իրողութիւնը կրնայ յառաջացնել մթնոլորտը արդիւնաւէտ բանակցութիւններու եւ հասնիլ միատեղ գոյակցութեան ապահովման, որուն ընթացքին միակ մրցակցութիւնը կ՛ըլլայ մարդկային ստեղծագործութիւններու հարթակի վրայ, ուր այլեւս մեր երկու ժողովուիրդները հաւասարապէս յաղթական դուրս պիտի գան:

Առաջին քայլը, որ պիտի առնուի դէպի այդ ոչ անկարելի ապագան, Էրտողանինն է` առանց որեւէ ծեքծեքուն զեւզեկութեան բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանադուռը հայկական զաւթուած հողերու ամբողջ երկայնքին, ճանչնալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հաստատել անհրաժեշտ դիւանագիտական կապեր: Հո՛ս է, որ կու գանք Չանքայայի ապարանքին: Վստահ ենք, որ Էրտողան կ՛ամչնայ բռնագրաւուած, հայապատկան շէնք մը ունենալ իբրեւ պետական խորհրդանիշ եւ սիրով պիտի ուզէր զայն վերադարձնել իր տիրոջ` պրն. Չուխաճըին եւ ան իր կարգին Հայաստանի կառավարութեան` իբրեւ հայապատկան հողատարածք եւ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան… դեսպանատուն:  Իսկ Քեչիէօրենի բնակարանը նաեւ` իբրեւ դեպանատան աշխատակազմի անդամներուն բնակավայր:

Այսպիսի նախաձեռնութիւններ Էրտողանը կը վերածեն միջազգային մակարդակով դիւանագէտ անհատականութեան եւ հայեւթուրք յարաբերութեանց հանգուցալուծումի առաջին քայլը առնող քաղաքական ճարտարապետին:  Ցնորատեսութիւն չեն այս բոլորը, այլ իրագործելի գործընթաց` պայմանաւորուած  նախ եւ առաջ Էրտողանի անկեղծութեամբ, իր իսկ կամեցողութեան հարազատութեամբ եւ իր պատրաստակամութեամբ: Որովհետեւ երբ  Էրտողան կ՛ըսէ, թէ ցեղասպանութիւն չէ եղած, ինչպէս իր նախորդները բոլոր` սկսելով Աթաթուրքէն, Թուրքիան ինքզինք կը մատնէ ծիծաղի ու կարեկցելիօրէն արհամարհելի կացութեան:  Իսկ եթէ դիմագրաւէ մարտահրաւէրը այնպէս, ինչպէս դիմագրաւեց իր կառավարութիւնը ականահարող զրպարտութիւնները, այդ ժամանակ է, որ կը տեսնենք իսկական տեսակարար կշիռը` Էրտողան պետական մարդուն, փոխանակ մեր աչքերուն առջեւ ինքզինք արժեզրկող շաղակրատ հտպիտին:  Այս անգամ աստուածաշնչական աքլորի խօսիլը պիտի աւետէ յաղթանակը մարդկային ազնուութեան ու ողջմտութեան եւ ոչ թէ մարդկային տկարութենէ եկող վատութեան:

*
*   *

Սակայն… շաբաթը ուրբաթէն առաջ եկաւ:

«Մարմարա»-ի 6 օգոստոս 2014-ի թիւին մէջ լոյս տեսաւ Էրտողանի գռեհիկ, բայց չզարմացնող յայտարարութիւնը` «Ինծի համար վրացի է ըսին, կը ներէք, ատկէ ալ աւելի գէշը, հայ ըսին»:  Այդպէս ըսողները զարմանալի են: Չէի՞ն գիտեր, թէ Էրտողան այնքան մը մարդ չէր` օժտուած մարդկային բծախնդիր ազնուութեամբ, որ արժանանար հայու հետ շփոթուելու… պատիւին:  Կ՛ըսուի, թէ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն մօտ յիսուներեք միլիոն մարդ մասնակցած է ու մեծամասնութիւնը քուէարկած ի նպաստ  Էրտողանին: էրտողան վարչապետը եղաւ Թուրքիոյ իսկապէս® թուրք նախագահը,  առանց, գոնէ անգամի մը համար, կարենալ սանձելու հայատեաց իր ձաբռտուքը: Ուրեմն, այդ հայու արեամբ արբեցող ու անբանացած զանգուածի անասնական ոչ մթին կիրքերուն հագուրդ տալու համար Էրտողան վերածուեցաւ հասարակ, լկտի եւ ոճրածին խուժանի մէկ անդամին: Հէ՜գ  Էրտողան, տակաւին չէ կշտացած հայու արեամբ սնելէ:  Իրականութենէն դժգոհելու պատճառ չունինք, մանաւանդ երբ մտաբերենք նոյն կամ անմիջապէս յաջորդ օր, անպարտելի մեր զօրավարին կամ մեր օրերու սպարապետին`  Սէյրան Օհանեանի բնութագրումը:  Այդ հաստատումը կը զետեղենք այստեղ ժողովրդական ծանօթ ասոյթին հետ, թէ… Էրտողանը` «Մարդ կարծեցինք, բայց թուրք է եղեր», զօրավար Օհանեանի պատկերով` «Թուրքը մնում է թուրք»:

 

[email protected]
27 յուլիս – 29 օգոստոս, 2014
Լոս Անճելըս

Share this Article
CATEGORIES