Վատիկանի Մէջ Կիրակնօրեայ Պատարագը Մատուցած Են Երկու Պապերը

Պենետիկտոս եւ Ֆրանչիսկոս պապերը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Վատիկանի մէջ կիրակնօրեայ պատարագի մատուցման մասնակցած են գործող եւ նախկին պապերը:
Նախկին Պենետիկտոս, ներկայիս պատուաւոր Ռաթցինկըր պապը ներկայ եղած է Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած արարողութեան: Ներկայութեան համար անոր շնորհակալութիւն յայտնած է գործող Ֆրանչիսկոս պապը, որ անոր ըսած է, որ ան «տան իմաստուն մեծ հայրն է»: Երէկուան արարողութիւնը նուիրուած եղած է մեծ հայրերու օրուան:
Պապը իր քարոզին մէջ ընդգծած է ընտանիքի կարեւորութիւնը, սերունդներու փոխըմբռնումը:
Ռաթցինկըր պապը պաշտօնէն հեռացած էր փետրուար 2013-ին:
CATEGORIES Միջազգային

