Վրաստան Ռուսիոյ Հետ Մերձեցման Պայման Ճշդած Է

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ծիրին մէջ կատարուած քաղաքական խորհրդակցութեանց ընթացքին ըսած է, որ Վրաստան պատրաստ է բարելաւելու իր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, եթէ ատիկա չվնասէ երկրին գերիշխանութեան եւ անկախութեան:
Ղարիպաշվիլի ընդգծած է, որ Թիֆլիս նոր ուղղութիւն որդեգրած է Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: «Մենք կը հետեւինք պատասխանատու, գործնապաշտ եւ կառուցողական դրացի ըլլալու ձգտումին վրայ հիմնուած ռազմավարութեան», ըսած է ան:
Վրաստանի վարչապետը յիշեցուցած է, որ առեւտրական-տնտեսական եւ մշակութային կապերու վերականգնման շուրջ Մոսկուայի հետ երկխօսութիւնը սկիզբ առած է առանց նախապայմաններու: Իբրեւ արդիւնք` երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը նուազած է, իսկ արտածման ծաւալները` աճած:
«Մենք սկսած ենք աւելի խաղաղ գոյակցիլ իբրեւ դրացիներ: Ասիկա ալ իր կարգին յանգեցուցած է ամբողջ Հարաւային Կովկասի կայունութեան», ըսած է Վրաստանի վարչապետը:
Ռուս-վրացական յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով վատթարացած էին 2008-ի պատերազմէն ետք: Այդ պատերազմէն ետք Ռուսիա ճանչցաւ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը:
Յարաբերութիւնները սկսան վերականգնիլ Միխայիլ Սահակաշվիլիի նախագահի պաշտօնէն հեռանալէն ետք:

