Լաւրով. «Ռուսիա Պիտի Չփոխէ Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Իր Կեցուածքը»

Սերկէյ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Ռուսիա պիտի չփոխէ ուքրանական տագնապին վերաբերեալ իր կեցուածքը` իր դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու նպատակով»:
Անդրադառնալով Ռուսիոյ ներկայացուած այն առաջարկին, ըստ որուն, անոր դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու համար արժէչափեր կը ճշդուին, Լաւրով ըսաւ. «Մենք այդ մէկը կատարելու մտադրութիւն չունինք: Ռուսական կեցուածքը պարկեշտ, արդար եւ ուքրանացի ժողովուրդին աջակցող կեցուածք է»:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ-ՌՈՒՍԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ՆՈՐ «ՎԵՐԱԲԵՌՆՈՒՄ»-Ի ԿԸ ԿԱՐՕՏԻՆ
«Քոմերսանթ» հաղորդեց, որ Լաւրով ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա յարաբերութիւններուն նոր «վերաբեռնում» մը անհրաժեշտ է: Ան նկատել տուած է, որ «երկխօսութիւնը շատ հակիրճ ձեւով» կը պահպանուի:
«Հաղորդակցութիւններ կան, կայ երկխօսութիւն` թէկուզ եւ շատ սահմանափակ եւ հակիրճ ձեւով, սակայն կը պահպանուի: Եւ հիմա անհրաժեշտ է այն, ինչ որ ամերիկացիները թերեւս անուանեն «վերաբեռնում» եզրով, որ յօրինած էին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի վարչակազմին մէջ: Այսօր Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը քայքայէ շատ պարագաներու ինքնին իր կողմէ ստեղծուած Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան կառոյցները: Կ՛երեւի տակաւին որոշ բան մը պիտի յօրինուի` «վերաբեռնում թիւ 2» կամ «վերաբեռնում 2.0», ըսած է Լաւրով:
Յիշեցնենք, որ Պուշի կառավարումէն ետք Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու վատթարացումը կասեցնելու նպատակով տարիներ առաջ Օպամա առաջարկած էր այսպէս կոչուած «վերաբեռնում»-ի քաղաքականութիւնը: Լաւրով նախապէս յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ սպառազինութիւններու նոր արշաւ պիտի չըլլայ, սակայն միեւնոյն ատեն Մոսկուան ամէն ինչ պիտի ընէ իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

