Վեցեակը Ջանքեր Պիտի Գործադրէ Իրանի Հետ Համաձայնութիւնը Ժամանակին Ձեռք Բերելու Համար

Մայքըլ Մեն
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միջազգային եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատարի տեղակալ Մայքըլ Մեն յայտարարած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցով զբաղող Վեցեակը պիտի շարունակէ գործադրել բոլոր ջանքերը, որպէսզի համաձայնութիւն ձեռք բերուի նախապէս նշուած ժամանակին` նոյեմբերի վերջաւորութեան:
Դիւանագէտը մասնաւորաբար ըսած է, որ դիւանագիտական ջանքերը պիտի շարունակուին 24 նոյեմբերին համապատասխան համաձայնագիր ունենալու համար:
Շաբաթ օր բանակցող կողմերէն հակասական յայտարարութիւններ եղած էին. եթէ սկզբնապէս կը յայտարարուէր, որ կողմերը տակաւին երբեք այսքան մօտ չեն եղած հարցի լուծման, ապա շաբաթ օր յայտնի դարձած էր, որ կողմերու խորքային տարակարծութիւնները լուծուած չեն:
Իրանի եւ Վեցեակի բանակցութիւններուն նորագոյն հանգրուանը տեղի ունեցած է 18-26 սեպտեմբերին` Նիւ Եորքի մէջ:

