Չբացառելով Թրքական Զօրքերու Ուղարկումը Սուրիա` «Թուրքիա Իր Պարտաւորութեանց Ծիրին Մէջ Տահեշ-Ի Դէմ Պէտք Եղածը Պիտի Կատարէ» Ըսաւ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան չէ բացառած, որ իր երկիրը կրնայ զօրքեր ուղարկել Սուրիա: Ըստ անոր, օդային հարուածները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին համար բաւարար չեն:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Էրտողանի կարծիքով, թրքական բանակը կրնայ աջակցիլ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման` գաղթականներու հարցերով միջազգային իրաւական արժեչափերու ծիրին մէջ: Թրքական կողմը շեշտած է, որ իր պայքարի թիրախը ՏԱՀԵՇ-ն է:
Ըստ Էրտողանի, իսլամականներու դէմ պայքարին մասնակից աշխարհի երկիրներէն իւրաքանչիւրը իր դերը պիտի ունենայ այդ պայքարին մէջ, իսկ Թուրքիան ալ իրեն վերապահուած պէտք եղածը պիտի կատարէ:
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը Նիւ Եորքէն Անգարա վերադարձի ժամանակ օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնած է. «(Որովհետեւ 101 օր պատանդ մնալէ ետք Մուսուլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի անձնակազմի 49 անդամները ազատ արձակուած են), ներկայ կացութիւնը տարբեր է 102 օր առաջ տիրող կացութենէն: Ուստի, մենք կացութեան վերագնահատում մը պէտք է կատարենք (…) Ընթացող բանակցութիւնները առնչակից երկիրներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ են: Թուրքիա իրեն բաժին ինկած պարտաւորութեան մէջ պէտք եղածը պիտի կատարէ: Ըսել, թէ Թուրքիա երբեք զինուորական քայլ մը պիտի չորդեգրէ, սխալ է: Այլ երկիրներ մեր սահմանը պիտի պաշտպանե՞ն: Ոչ, մենք մեր սահմանը պիտի պաշտպանենք»:
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու անդրադառնալով Էրտողանի վերոնշեալ յայտարարութեան ըսաւ. «Չենք ուզեր, որ թրքական բանակը այլ երկրի մը հողերը մուտք գործէ»:
Մինչեւ հիմա Թուրքիա կը հրաժարէր Միացեալ Նահանգներու ստեղծած դաշինքին մաս կազմել: «Ինթըրֆաքս» կը նշէ, որ ներքին աղբիւրներու համաձայն, թրքական ղեկավարութիւնը այս շաբաթ վերատեսութեան ենթարկած է իր դիրքորոշումը:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Սամսոնի «19 մայիս» համալսարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները կոչեց բարբարոս եւ տգէտ, ինչպէս նաեւ իսլամական քաղաքակրթութիւնը բացարձակապէս չներկայացնող: «Իսլամութեան եւ իսլամական հասարակութեանց ստեղծած քաղաքակրթութիւնները կարելի չէ ՏԱՀԵՇ-ի հետ առնչել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «ՏԱՀԵՇ-ը կարելի չէ իսլամութեան կապել»:

