Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի որոշէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին քննարկուելիք օրակարգը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ ինք մշակած է աշխատանքի նոր ծրագիր մը, որ պիտի ներկայացնէ կառավարութեան: Ան շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն 47 առ հարիւրը լիբանանցի աշխատաւորներուն մրցակից կը նկատուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ Լիբանան եւ ամբողջ շրջանը հաւատադրժողական շարժումներուն սպառնալիքին տակ կը գտնուին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ անմիջական հարցերու համար օրէնսդրութիւն կատարելը վտանգաւոր է, որովհետեւ անիկա նախագահական աթոռին թափուր մնալու հարցը կը լուսանցքայնացնէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն ընդգծեց, որ ինք համաձայն է առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու առումով անուղղակի բանակցութիւններ կատարելու:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէ ընդգծեց, որ սիոնականութիւնը հսկայ ՏԱՀԵՇ մըն է, որ հրէութեան անունով շարք մը սպանդներ գործած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի ողջունեց Տար Ֆաթուայի մէջ գումարուած իսլամական-քրիստոնէական վեհաժողովը եւ անկէ բխած որոշումները, որոնք կ՛ամրապնդեն լիբանանեան ազգային միասնականութեան սկզբունքները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին որդեգրելու բոլոր միջոցառումները, որոնք յարմար են յաջորդ հանգրուանը շարունակելու համար: Ան կոչ ուղղեց բոլոր գիւղաքաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ կազմելու բանակին օժանդակող փաղանգներ` պաշտպանելու համար Լիբանանը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ մաղթեց, որ լիբանանեան բանակին տրուած քաղաքական հովանաւորութիւնը ըլլայ բացարձակ եւ ամբողջական:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ բազմաթիւ համայնքներէ բաղկացած երկիր մը չի կրնար ծայրայեղութեան ներքեւ գոյատեւել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յստակ ծրագիր մը մշակել` առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին համար դրական արդիւնքներու յանգելու:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնած են, թէ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ սանձազերծուած գործողութիւնները նաեւ Լիբանան հասնին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ տեղի ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին կարելի չէ եղած խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստին կամ աշխատավարձի յաւելումներուն մասին համաձայնութիւն գոյացնել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը շեշտեց, որ իրենք ոչ մէկ կապ ունին Արսալի մէջ սուրիացի գաղթականներուն կատարած շարժումներուն հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը պէտք է Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն նկատուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ անհրաժեշտ է տալ քաղաքական քաջ որոշումներ` դիմադրելու համար Լիբանանին ընդդիմացող վտանգներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու լաւագոյն  ձեւը լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումն է:

ՖԸՐԶՈԼԻ, Զահլէի եւ Պեքաայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն` հաստատելով սակայն, որ ճամբաները փակելով միայն քաղաքացիներուն կարելի կ՛ըլլայ վնաս հասցնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան գործակցելու Սուրիոյ կառավարութեան հետ` երաշխաւորելու համար Լիբանանի շահերը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ իրենք կրնան տարիներ սպասել` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով, եթէ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը այսպէս շարունակուի:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ պայքարը շարունակել` իսլամական կրօնին իսկական դիմագիծը ցոյց տալով:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Խալիլ Մաքքաուի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը զգայուն է` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ցնցումները կանխարգիլելու միակ ձեւը չէզոք քաղաքականութեան որդեգրումն է:

 

Share this Article
CATEGORIES