Ֆրանսայի Մէջ. Սլէյման Հանդիպումներ Ունեցաւ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Հետ
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ողջունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ արտասանուած խօսքը, որ բովանդակալից էր` լիբանանցիին հոգերուն առումով:
Ան մաղթեց, որ այդ խօսքը իր արձագանգները ունենայ միջազգային իմաստով` արգիլելու համար շրջանային տագնապներուն տարածումը Լիբանանի մէջ:
Սլէյման դրուատեց նաեւ Տար Ֆաթուայի իսլամական-քրիստոնէական հոգեւոր խորհրդաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը` նկատել տալով, որ եթէ անոր կէտերը գործադրուին, ապա Լիբանանը կարելի կ՛ըլլայ հեռու պահել շրջանային տագնապներէն, ինչպէս նաեւ վերջ մը դնել նախագահական աթոռին թափուր մնալուն:
Նշենք, որ Սլէյման Ֆրանսայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Նախքան իր կատարած այցելութիւնը, Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

