Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կը Սպառնան Փակել Նաեւ Այլ Ճամբաներ
Հինգերորդ օրն ըլլալով, երէկ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները փակեցին Տահր Պայտարի, Զահլէ-Թարշիշի, Պաալպեք-Ույուն Սիմանի, Քալամունի եւ այլ ճամբաներ` լիբանանեան պետութենէն պահանջելով ազատ արձակել իրենց զաւակները:
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենք իրենց այս շարժումը պիտի շարունակեն նոյնիսկ օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն պարագային եւ սպառնացին փակել այլ ճամբաներ ու դիմել մագլցողական այլ քայլերու:
Անոնք շեշտեցին նաեւ, որ այսօր առաւօտեան ժամը 5:00-9:00 պիտի փակեն Թրիփոլի-Պէյրութ մայրուղին:
CATEGORIES Լիբանանեան

