Սաատ Հարիրի Կը Քննադատէ Սուրիոյ Ընդդիմադիր Ուժերու Համադաշնակցութեան Բողոքագիրը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ քննադատեց եւ անտեղի նկատեց Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու համադաշնակցութեան բողոքագիրը, որ ներկայացուած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ որուն մէջ բողոք արձանագրուած էր լիբանանեան բանակին դէմ` Արսալի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն դէմ անոր գործած այսպէս կոչուած բռնարարքներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումին համար:
Հարիրի շեշտեց, որ թէեւ Արսալի գաղթականներուն ապաստաններուն նկարները ցաւալի էին, սակայն լիբանանեան բանակը իր առաքելութիւնը կը կատարէ վտանգի ենթարկուելով եւ զինեալներուն բանեցուցած զինուորական ճնշումներուն ներքեւ:
Հարիրի նշեց նաեւ, որ զինեալները կը սպառնան լիբանանեան բանակին` առեւանգուած բանակայինները սպաննելու առումով, ինչպէս նաեւ կ՛ուզեն, որ սուրիացի գաղթականներուն ապաստանները ըլլան իրենց նեցուկը:
Հարիրի ըսաւ, որ եթէ Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու համադաշնակցութիւնը կը զբաղի սուրիացի գաղթականներուն մարդկային իրաւունքներով, ապա գաղթականներուն եւ սուրիական յեղափոխութեան շահերը կը պահանջեն, որ անոնք բարձրաձայն պահանջեն առեւանգուած լիբանանցի զինուորներուն ազատ արձակումը:
Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու համադաշնակցութեան յստակ կեցուածք մը ճշդելու եւ օժանդակելու առեւանգուած բանակայիններուն տունդարձին:

