Մաշնուք. «Գրութիւն Կրող Սեւ Դրօշակը Ոչ Մէկ Արժէք Կը Ներկայացնէ, Երբ Ան Կ՛օգտագործուի Բանակայինները Գլխատելու»

Մաշնուք յուշանուէրով կը պարգեւատրուի

Մաշնուք յուշանուէրով կը պարգեւատրուի

Մաքասետի Պէյրութի շրջանաւարտները երէկ կազմակերպեցին մեծարանքի ձեռնարկ մը` ի պատիւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ բոլորին կարծիքով ահաբեկչութեան տեսութիւնը հաւասար է թոյնի:

Ան ընդգծեց, որ ոմանք Թրիփոլիի եւ տարբեր շրջաններու մէջ կը բարձրացնեն սեւ դրօշներ, որոնք սուրբ տողեր կը կրեն` իսլամական կրօնին վերաբերող: «Ոմանք նաեւ կը հաւատան, որ այդ դրօշակը իրենց տեսակէտը կը ներկայացնէ եւ իսլամական պետութեան դրօշն է: Սակայն գրութիւն կրող այդ սեւ դրօշակը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, երբ ան կ՛օգտագործուի բանակայինները գլխատելու համար», հաստատեց Մաշնուք:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան իսլամական պետութիւն չէ, այլ բազմազանութեան երկիրն է եւ հոն ապրող բոլոր համայնքներուն երկիրը:

Անդրադառնալով նախագահական աթոռին թափուր մնալուն` Մաշնուք շեշտեց, որ այդ հարցը կարելի չէ լուծել խորհրդարանին ու կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտելով` աւելցնելով, որ օրէնսդիր եւ գործադիր այդ իշխանութիւնները ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնեն իրականացնելու համար կարգ մը քաղաքացիներու պահանջները:

 

Share this Article
CATEGORIES