Բանակին Զօրակցութեան Արշաւ
«Օմեկա թիմ» խմբաւորումին մաս կազմող խումբ մը երիտասարդներ, որոնք կը կրէին Լիբանանի եւ բանակի դրօշակներ, գլխաւորութեամբ խմբաւորումի նախագահ Թոնի Օրիանի, երէկ ուղղուեցան Համրա եւ Քլեմանսոյի շրջանին մէջ գտնուող «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի կեդրոնը խուժեցին` պահանջելով կայանի տնօրէնութենէն ներում հայցել լիբանանեան բանակին հրամանատարութենէն եւ կամ վտարել իրենց լրագրողներէն Ֆայսալ Քասեմը:
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարներէն Ֆայսալ Քասեմ «Թուիթըր»-ի իր անձնական էջին վրայ տեղադրած էր այնպիսի յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած էր, որ Լիբանանի անկախութենէն ի վեր լիբանանեան բանակին իրագործումները կը սահմանափակուին տեսահոլովակներ նկարելով լիբանանցի երգիչներ Ուաէլ Քֆուրիի, Նենսի Աժրամի եւ Հայֆա Ուեհպէի հետ, իսկ քանի մը օր առաջ բանակը Արսալի մէջ հրկիզած է սուրիացի գաղթականներուն վրանները:

