Վարչապետ Սալամ Վերադարձաւ Պէյրութ

0928SalamՎարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վերադարձաւ Պէյրութ` մասնակցելէ ետք ՄԱԿ-ի 69-րդ Ընդհանուր ժողովին:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան եւ իրանեան պատուիրակութիւններուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամ ընդունելութիւն մը սարքեցին ի պատիւ վարչապետ Սալամի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Էլիաս Ապու Սաապի:

Ընդունելութեան ընթացքին վարչապետ Սալամ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանցիներուն իրավիճակին` ընդգծելով հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով կատարուելիք բանակցութիւններուն եւ կոչ ուղղեց այդ հարցը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ մրցակցութենէն հեռու պահելու:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ ինք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջած է ճիգ չխնայել առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու առումով` շեշտելով, որ Էրտողան խոստացած է այդ իմաստով օժանդակել Լիբանանին:

Ան ըսաւ, որ Արսալի մէջ տիրող կացութիւնը չի կրնար նոյն ձեւով շարունակուիլ` աւելցնելով, որ պէտք է օժանդակել Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն, սակայն ոչ Արսալի եւ լիբանանցիներուն հաշուոյն:

Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գաղթակայաններ հիմնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սալամ յայտնեց, որ այդ հարցը քննարկումի առարկայ է:

Վարչապետ Սալամ նաեւ աւելցուց, որ Նիւ Եորքի մէջ իր հանդիպումներուն ընթացքին ինք Ֆրանսայէն, Իրանէն եւ Վատիկանէն օժանդակութիւն խնդրած է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES