Ազրպէյճան Սահմանամերձ Գօտիի Բնակիչներէն Կամաւորական Ջոկատներ Կը Կազմէ
Յառաջիկայ ամիսներուն, Ազրպէյճան կը պատրաստուի` շփման գիծի երկայնքով զինելու քաղաքացիները:
Չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբերի երեկոյեան, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակեցին երկրի սահմաններու պաշտպանութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցառումներուն մասին նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանագիրը, ուր կը շեշտուի, թէ «անհրաժեշտ միջոցներ պիտի որդեգրուին, ստեղծելու համար կամաւորական ջոկատներ, որոնք պիտի համալրուին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու շփման գիծին յարող շրջաններու բնակիչներով»:
Յուլիսին տեղի ունեցած` շփման գիծի երկայնքով ազրպէյճանական յարձակումներուն հետեւանքով, Հայաստանի մէջ եւս կարծիքներ կը հնչեն այն մասին, որ անհրաժեշտ է սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներով կազմել կամաւորական ջոկատներ, որոնք կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներուն հետ սահմանային գիւղերու պաշտպանութիւնը պիտի ստանձնեն: Սակայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան դէմ եղած է այս գաղափարին:
Իր հրամանագիրով, Ալիեւ չի սահմանափակուիր միայն շփման գիծին յարող գօտիի բնակիչներով կազմուած կամաւորական ջոկատներու ստեղծման մասին որոշումով: Ան նաեւ հրահանգած է կառավարութեան, որ եռամսեայ ժամկէտով «Ռազմական դրութեան մասին» նոր օրէնք մը մշակէ` 1994-էն ի զօրու օրէնքին փոխարէն:
Ան նաեւ հրահանգած է իրեն ներկայացնել ցանկ մը միջոցառումներու, որոնց իրագործումով կարելի պիտի ըլլայ խստացնել պատիժը անոնց, որոնք զինուորական ոլորտի պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ կը հրապարակեն:
Նաեւ, այսուհետեւ, ազրպէյճանցի լրագրողներ դիւրութեամբ պիտի չկարենան մուտք գործել ճակատ, որովհետեւ վերոնշեալ հրամանագիրին մէջ Ալիեւ հրահանգած է պաշտպանութեան նախարարութեան, որ շփման գիծին վրայ աշխատող լրագրողներու հաւատարմագրման նոր կարգ պէտք է սահմանել:

