Նիւ Եորքի Մէջ. Նախարար Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Փոխտեղակալին Հետ

0927_Nalbandian127 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Վիքթորիա Նուլընտի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու տարբեր մարզերուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը: Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ամերիկեան տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, այս առումով կարեւոր նկատուեցան երկու երկիրներուն միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները:

Նախարար Նալբանդեան եւ Նուլընտ մտքեր փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ:

0927_Nalbandian2Միւս կողմէ, 26 սեպտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին, որ հրաւիրուած էր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ներկայ նախագահող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան համադրման, ներառեալ` միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նստաշրջանին ընթացքին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու առաջնահերթութիւններուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES