Մամետեարով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ընթացքին Անդրադարձած Է Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին

Էլմար Մամետեարով

Էլմար Մամետեարով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:

Ան անգամ մը եւս մեղադրած է Հայաստանը «Ազրպէյճանի տարածքին աւելի քան քսան առ հարիւրը բռնագրաւելու», «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը մոլորեցնելու», «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը չկատարելու համար»:

Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ իր երկիրը հանդէս կու գայ ղարաբաղեան տագնապը բանակցութիւններու ճամբով լուծելու օգտին: Մամետեարով անգամ մը եւս արտայայտուած է սթաթիւս քոյի անընդունելիութեան մասին:

Share this Article
CATEGORIES