Էտկար Մանուչարեանի Գեղեցիկ Կոլը Ուրալը Պարտութենէ Չփրկեց
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ուրալ իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Մոսկուայի բանակայիններէն` 4-3 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան, որ Ուրալի հետ դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, 10-րդ վայրկեանին դարձաւ գեղեցիկ կոլի հեղինակ` բանալով մրցումին հաշիւը:
27 տարեկան ֆութպոլիստը այս մրցումին 73-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
CATEGORIES Մարզական

