Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Պիտի Նահանջէ 4-րդ Դիրք
«ՖԻՏԷ»-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ 2-րդ դիրքէն պիտի նահանջէ 4-րդ դիրք, կը յայտնէ ArmSport.am` վկայակոչելով 2700chess.com-ի հրապարակած լուրը:
Հայաստանի ճատրակի հաւաքականին յառաջատարը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 2797,6 կէտ: Արոնեան «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի մրցաշարքին անյաջող ելոյթ ունենալուն պատճառով կորսնցուց 6,4 կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ է աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն (2862,8 կէտ), 2-րդ դիրքին վրայ պիտի ըլլայ իտալացի Ֆապիանօ Քարուանա (2843,5 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքին վրայ` պուլկարացի Վեսելին Թոփալով (2799,5):
CATEGORIES Մարզական

