Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը` 2-1 Արդիւնքով Յաղթելով Մապարրային

0928_team-HMEM

ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 28 սեպտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մապարրան:

Մրցումը սկսելէն հազիւ չորս վայրկեան ետք, ՀՄԸՄ նշանակեց իր եւ մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Քրիսթիան Թիմունեանի, որ սքանչելի փոխանցում մը ստացած էր Ճոնի Քոնճեանէն:

14-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ-ի մեծ քառակուսիին մէջ իրարանցում մը ստեղծուեցաւ եւ օրուան իրաւարարը զարմանալիօրէն ի նպաստ Մապարրային փենալթի մը սուլեց. ՀՄԸՄ-ի բերդապահ եւ խմբապետ Յարութ Սարգիսի վրայ կատարուած ֆաուլը, զարմանալիօրէն սուլուեցաւ փենալթի` ի նպաստ մրցակիցին:

Նախքան մրցումը սկսիլը

Նախքան մրցումը սկսիլը

Կը կարծուէր, որ վիրաւորուած բերդապահ Սարգիս պիտի փոխարինուէր: Սակայն ան ոչ միայն շարունակեց մրցումը, այլեւ մեծ վարպետութեամբ զսպեց փենալթին:

Սակայն հետզհետէ զգալի կը դառնար այն իրողութիւնը, որ ան ի վիճակի չէ մրցումը շարունակելու, որովհետեւ անոր ստացած վնասուածքը առիթ չէր տար, որ ան կարենայ լաւապէս վազել:

Մրցումին 30-րդ վայրկեանին ան փոխարինուեցաւ պահեստի բերդապահ Խաչիկ Գերպապեանով, մինչ խմբապետի պաշտօնը վստահուեցաւ Վարդան Պոյաճեանին:

Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի 1-0 արդիւնքով առաւելութեամբ, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կոլ նշանակելու լաւ առիթներ կորսնցուցին: Այստեղ պէտք է յիշել 43-րդ վայրկեանին բերդապահ Խաչիկ Գերպապեանի կողմէ կատարուած միջամտութիւնը, որ իր բերդը փրկեց կոլէ մը:

Բ. կիսախաղին 64-րդ վայրկեանին, Մապարրա նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:

Այդ կոլէն երկու վայրկեան ետք Քրիսթիան Թիմունեան չկրցաւ տուպլէ մը իրագործել, երբ առանձին մնացած էր մրցակից բերդապահին հետ:

73-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց փենալթի մը, որ դիւրութեամբ կոլի վերածեց հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեան:

Թէեւ ՀՄԸՄ այդ կոլէն ետք 2-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, սակայն կազմակերպուած յարձակումները վերջ գտան մրցումին աւարտին:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը

Անոնցմէ մէկը 92-րդ վայրկեանին եղաւ վրիպած կոլի ստոյգ առիթ մը, ինչ որ արդիւնքը կրնար վերածել 3-1-ի:

Յամենայն դէպս ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը տպաւորիչ յաղթանակ մը տարաւ` 2-1 արդիւնքով յաղթելով իր մրցակիցին, իր կողքին ունենալով թիւ 12-րդ ֆութպոլիստը` ՀՄԸՄ-ի համակիրները:

ՀՄԸՄի համակիրները, իրենց կողքին ունենալով ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, անընդհատ քաջալերեցին իրենց կազմը` արձանագրուած այդ յաղթանակին մէջ ունենալով իրենց կարեւոր բաժինը եւ բոլորին յիշեցնելով ՀՄԸՄ-ի անցեալի փառքի օրերը, երբ դաշտին թրիպիւնները լեցուած կ՛ըլլային ՀՄԸՄ-ի համակիրներով:

Տարեշրջանի առաջին երեք կէտը ՀՄԸՄ ստացաւ իր ճակտի քրտինքով:

Այս յաղթանակին պէտք է յաջորդեն այլ յաղթանակներ եւս, որպէսզի ՀՄԸՄ վերստին բարձրանայ հոն, ուր կը պատկանի անիկա` Ա. դասակարգ:

 

Share this Article
CATEGORIES