Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պիտի ունենաք ճամբորդելու ծրագիր մը, որ շուտով պիտի իրագործէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լաւատես էք միշտ եւ ապագան ձեզի պիտի շնորհէ խաղաղ եւ հանգիստ կեանք մը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ գործունեայ էք. պիտի կարենաք ձեր գործակիցները աշխուժացնել եւ բարելաւել ձեր գործին ընթացքը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրինապահ եւ լուրջ էք. ձեր աշխատանքը լրջօրէն կը կատարէք եւ ձեր գործակիցներուն օրինակ կը հանդիսանաք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շարունակեցէք մարմնամարզը, սակայն աւելի լաւ է խմբային մարզանքը, որ աւելի հաճելի է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուրիշներու եւ ձեր միջեւ եղած տարբերութիւնը ձեր փորձառութիւնն է. ձեր խորհուրդները միշտ արժէք ունին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արուեստի մը հետեւիլը ձեզի պիտի պարգեւէ մեծ գոհունակութիւն մը, մանաւանդ` գեղանկարչութիւնն ու երաժշտութիւնը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Զօրաւոր փափաք ունիք աշխատելու, շարունակեցէք նոյն ձեւով, ապարդիւն չեն ձեր աշխատանքները: Պիտի վարձատրուիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ կը սիրէք ձեր աշխատանքը. անտես պիտի չմնաք եւ լայնօրէն պիտի վարձատրուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գործի մը պիտի ձեռնարկէք, որ յաջող պիտի ընթանայ եւ ձեր կարծածէն աւելի շուտ պիտի յառաջդիմէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անկեղծ բարեկամութիւնները յաւիտենական են. ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ հեռաւորութիւնը կրնան վերջ տալ այդ բարեկամութեան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ջղային էք եւ անհամբեր հանդարտեցէք, որպէսզի աշխատանքի մէջ յարձակողական չըլլաք:

Share this Article
CATEGORIES