50 Տարի Առաջ (30 Սեպտեմբեր 1964)

«Ու Ես Կ՛երթամ Դէպի Աղբիւրը Լոյսին»
(Վերամուտի Առթիւ)

Քանի մը օրէն մեր դպրոցները կը վերաբացուին նորէն, ու դասաւանդութիւնները կը սկսին կանոնաւորաբար: Մեր կրթական յարկերը որպէս փեթակ` կրկին ժամադրավայրը կը դառնան մեծ ու փոքր ուսանողներու, որոնք կ՛երթան գիտութեան մեղրը ըմպելու: Մեր մանկարաններուն մէջ անհամար զերթ թռչնիկներ, նորէն կը ճլվլան, կը կայտռին` անհոգ ու անփոյթ մանկարանը վերածելով երկնաւոր փոքր ու երջանիկ եդեմի մը: Ասոնք կեանքի գիտութեանց դիմաց, աչքերնին դեռ նոր բացած, իրենց ամէնօրեայ յաճախանքներով երգի կտորով մը, ոտանաւորի թոթովանքով մը կամ այբուբենի նեկտարով մը կը լեցնեն իրենց դալար ու մատղաշ միտքերն ու հոգիները:

Նախակրթարանի մէջ տղաք աւելի գիտակ ու բանիմաց` իրենց փոքր գլուխները գրասեղաններու վրայ հակած, օրըստօրէ կ՛աւելցնեն իրենց մտքի պաշարը զանազան մարզերու մէջ: Իսկ միջնակարգերու մէջ ուսանողներ իրենց խոհականութեամբ ու սրամտութեամբ, լայն ակօսներ կը բանան դէպի ապագայ գրականութեան, երաժշտութեան, պատմագիտութեան եւ այլեւայլ գիտութեանց մտքի ընդարձակ դաշտերուն մէջ:

Ինչպէ՞ս չըսել ուրեմն, թէ դպրոցական տարիքը կեանքի երջանկագոյն տարիքն է:

Գալով մեր հայ տղոց, օ՜, անոնք բացի ընդհանուր զարգացումէն, ունին մեծ ու սրբազան առաքելութիւն մը` զարգացնել ու փայլեցնել հայ լեզուն, որպէս ազգապահպանման  մեծ ազդակ, տիրող ձուլումի ամէն գոյնի ջարդերուն դէմ:

Երկար, մութ ու  մռայլ դարեր են անցեր, բայց շնորհիւ իր լեզուին ու մեսրոպեան աստուածատուր սուրբ տառերուն` հայը միշտ կանգուն է մնացեր: Եւ այս թանկագին ու նուիրական աւանդը, որպէս անբիծ դրօշ, սերունդներ միշտ բարձր բռնած պիտի տանին դէպի յաւերժութիւն:

Արդ, մեր վարժարաններուն մէջ է, որ տղաքը պիտի սորվին սիրել մեր մեծասքանչ լեզուն: Հոս է, որ պիտի ճանչնան լաւապէս Ս. Մեսրոպը, Մեծն Տիգրանը, Արտաշէսն ու Վարդան Մամիկոնեանը: Այնտեղ է, որ պիտի թափանցեն գաղտնիքին` Նարեկացիին, Շնորհալիին ու Քուչակին: Հոս է, որ պիտի մտերմանան` Սիամանթոյին, Վարուժանին ու Զօհրապին: Ու տակաւին ամէն օր անոնց հրեղէն աչքերուն առջեւէն պիտի տողանցեն, շարժանկարի գունագեղ ժապաւէններու հանգոյն, մեր պատմութեան բոլոր լուսաւոր դէմքերը, մեր հայրենի սքանչելիքները: Ի վերջոյ` մեր առաքինատիպ Արա Գեղեցիկ ու Սասունցի Դաւիթը դիւցազնական: Մեր գրաբարին, մեր Նարեկին:

Եւ հայ ուսանողը ամէն առաւօտ, կ՛ոգեկոչէ ժպտուն ու զուարթ անմահ բանաստեղծին ոսկետառ խօսքը:

«Ու ես կ՛երթամ դէպի Աղբիւրը Լոյսին»:

Ա. ԳՐԱՃԵԱՆ

 

 

85,000 Թոն Սուրիական Ցորեն
3
Ամսուան Մէջ

 

Մաքսատան սպասարկութիւններուն կողմէ պատրաստուած վիճակագրութիւններու համաձայն, 12 յունիսէն 12 սեպտեմբեր 1964, այսինքն` երեք ամսուան մէջ, Լիբանան 85,000 թոն ցորեն ներածած է Սուրիայէն:

Այս 85,000 թոնին մէջէն 45,000 թոնը Լիբանան մտած է առեւտրականներուն տրուած արտօնագիրներու հիման վրայ:

Մնացեալ 40,000 թոնը կը մնայ Թրիփոլիի եւ Պէյրութի նաւահանգիստներու ազատ գօտիին մէջ, մինչեւ որ ազգային տնտեսութեան նախարարութիւնը նոր արտօնագիրներ տայ:

Լիբանան ամիսը 20,000 թոն ցորեն կը սպառէ:

 

100 Միլիոն Լ. Ոսկի Պէյրութի
Քաղաքաշինութեան

Ելեւմտական նախարար Ամին Պէյհում Պէյրութի քաղաքապետական յանձնախումբի նախագահի իր հանգամանքով պահանջեց, որ քաղաքապետութեան պատկան յանձնախումբերը, Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին գործակցութեամբ, ուսումնասիրեն այն ծրագիրները, որոնք Պէյրութի մէջ պիտի կատարուին յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին:

Նախապատուութիւն պիտի տրուի նոր ճամբաներու բացման` քաղաքին կեդրոնը պարպելու համար: Բացի Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին պատրաստած ծրագրէն, քաղաքապետական յանձնախումբը առաջարկեց բանալ ճամբայ մը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աւանը միացնելու համար Նահրի քոռնիշին, անկախ այն պողոտայէն , որ Սենթ Էլի թաղամասը կը միացնէ Նահրի կամուրջին: Նոր պողոտան պիտի ունենայ 12 մեթր լայնք: Այս ծրագրին իրագործումով Պէյրութի կեդրոնը խճողումէ պիտի փրկուի, որովհետեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն Տորա գացող ինքնաշարժները կեդրոնէն պիտի չանցնին:

Այս ծրագիրներուն համար 100 միլիոն լ. ոսկի ծախս կը նախատեսուի:

 

12,700,000 Լ. Ոսկի Քատասթրի
Աշխատանքներուն Համար

Քատասթրի աշխատանքներուն համար 12,700,000 լ. ոսկի յատկացնող հրամանագիրը լոյս տեսաւ երէկ:

Ըստ այս հրամանագրին, քատասթրի գործերը պէտք է աւարտին վեց տարիէն:

 

390 Հազար Օտարականներ Կ՛աշխատին
Լիբանանի Մէջ

390,000 օտարականներ ներկայիս կ՛աշխատին Լիբանանի մէջ, ըստ ընկերային հարցերու նախարարութեան պատրաստած վիճակագրութեան:

Այս թիւին մէջ կ՛իյնան 145,074 սուրիացիներ, 88,000 յորդանանցիներ, 3,074 եգիպտացիներ, 2,697 իրաքցիներ, 4,566 ամերիկացիներ եւ 4,114 անգլիացիներ:

Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 165,000 պաղեստինցի գաղթականներ, որոնք կ՛ապրին գաղթակայաններու մէջ:

Միւս կողմէ, լիբանանցի պաշտօնեաներու եւ բանուորներու թիւն է 450,000:

 

Մարզական

Գէորգ Կոճիքեան Շահեցաւ
«
Ապագայի Առաջին Հեծելարշաւը»

 

Սեւան մարզական միութեան անդամ Գէորգ Կոճիքեան շահեցաւ «Ապագայի առաջին հեծելարշաւ»-ի մրցումը, որ երեք հանգրուաններէ բաղկացած էր: Վերջին հանգրուանի մրցումը շահեցաւ իր ընկերը` Արա Էլմաճեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES