Հայերէնի, Գիր Ու Գիրքի Համատարած Աւերման Խնդիրներով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Բարձրախօսներէ հեռու եւ աղմկալի զբօսաշրջային-զուարճացնող աղմուկ-իրարանցումներէ անդին` ազգային խորացած մտահոգութեամբ կը պատահի՞, որ զբաղինք հայերէնի, հայ գիրի ու գիրքի թաւալգլոր անկման հարցով:

Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները պաշտպանելու համար բանակ կայ: Հաշմանդամներուն մարդավայել կեանքի պայմաններ ստեղծելու համար կարեւոր գումարներ կը յատկացնեն պետութիւնը եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները: Շռնդալից ժողովներ կը գումարուին, ինքնասիրութիւն շոյող տպաւորիչ եւ ծախսալից ընդունելութիւններ կը կազմակերպուին:

Տեղ մը կը հանդիպի՞նք հայերէնի, հայ գիրի եւ գիրքի պաշտպանութեան եւ զարգացման օրակարգին: Կը մտածե՞նք բնաւ, որ եթէ այսպէս շարունակուի, դար մը ետք, նոյնիսկ եթէ Հայաստան մնայ այդ անունով աշխարհագրական տարածք, հայութիւն անունով ժողովուրդ մնայ, անոնք շարունակութի՞ւն պիտի ըլլան, թէ՞ նորի մը սկիզբ, նոր եւ տարբեր ինքնութեան բովանդակութեամբ, եւ սոսկ ծագումով հայանուն ազգ մը պիտի ծնի:

Հայաստան պէտք է գալ, օրերով հետեւիլ հեռատեսիլի հաղորդումներուն, զրուցել դրացիներու եւ ընկեր-բարեկամներու հետ` առանց խուսանաւումներու համոզուելու համար, որ հայրենիքի մէջ, ուր ազգը առաջնորդող պետութիւն կայ, ուր կան դպրոցներ, համալսարաններ, հայագէտներ, մտաւորականներ, հայերէնի հանդէպ բծախնդրութիւնը հրամայական պահանջ չէ, մինչդեռ պէտք էր ըլլար: Սփիւռք(ներ)ի կացութիւնը ողբերգականօրէն ծանօթ է` ինչ կը վերաբերի արեւմտահայերէնին, իսկ արեւելահայերէնը արտածուած է իր արդէն եղածի նուազուրդի պատկերով: Ի հարկէ, բոլոր պարագաներու, միշտ եղած են եւ կան յարգելի բացառութիւններ:

Երեւանի փողոցները միամիտի աչքերով պէտք է դիտել` թափառելով: Ծիծաղելի դարձած «արդիականութիւն»-ը, պէտք է ըսել` «մոդեռնիզմ»-ը, փռուած է քաղաքի պատերուն վրայ, ցուցանակներուն վրայ, ձայնասփիւռի գովազդներուն վրայ: Կարծէք` մրցում կայ, գիտնալու համար, թէ ո՛վ աւելի «մոդեռն» պիտի ըլլայ: Կը կարդաք. Lady elite, ինչպէս որ է, նաեւ տառադարձութեամբ` լէյտի էլիտ, նոյնպէս` Uno shoes-Ունօ շուզ, հաւանօրէն «տուրիստ»-ները պիտի չանցնին հեռաւոր պողոտայի մը հրապարակէն, զոր կոչած են Times square-Թայմզ սկուեր, Նիւ Եորքը հոս բերելով, թերեւս խորհելով, որ քանի Նիւ Եորքը հոս է, արտագաղթելու կարիք չկայ: Իսկ երբ տան մէջ «պատալոգ» կ’ըսեն, ռուսերէն պէտք է գիտնալ` հասկնալու համար, որ առաստաղի մասին կը խօսուի:

Այդ «մոդեռնացուող» լեզուն խուժած է ամէն տեղ, խօսակցութիւններու մէջ, հեռատեսիլ, պետական անձերու արտայայտութիւններ: Մտաւորականութեան եւ պետութեան կողմէ բծախնդրութիւն չկայ, հաւանօրէն նաեւ` անզօրութեան զգացումի պատճառով: Լեզուն բանտարկուած է սոսկ հաղորդակցական միջոցի սահմաններուն մէջ` առանց անցեալ, ինքնութիւն, լեզուի իւրայատուկ հանճար եւ իմաստ փոխադրող բառերու հարստութիւնը նկատի առնելու: Ներածումներ` առանց բառարան նայելու: Կ’ըսուի` լեզուն սոցիալական երեւոյթ է:

Այս նահանջը, հետզհետէ աւելի արագ, գոյութիւն ունի նաեւ սփիւռքի մէջ, տարբեր ձեւերով, երբ լեզուն կը վերածուի իր նուազագոյն ձեւին (միշտ պէտք է կրկնել Շաւարշ Միսաքեանի բիրտ եւ պատկերաւոր բացատրութիւնը` «հաց-պանիր»-ի հայերէն) տեղական լեզուներու նուազագոյն որակով խառնուրդի մը ծնունդ տալով:

Հայը, իր ինքնութեամբ եւ լեզուով, փոխակերպման ընթացքի մէջ է, կ’ըսեն` «մուտացիա», որ կը նշանակէ` նոր բան կը ծնի:

Հետեւանքը հայերէն գիր ու խօսքի նահանջն է, եւ նոյն հունով նաեւ` հայագիր գիրքի: Ճիշդ է` գիրքեր լոյս կը տեսնեն, դասագիրքեր, մանկական հրատարակութիւններ, գրական երկեր ալ լոյս կը տեսնեն: Բայց կարդացէք ուշադրութեամբ. Հայաստան կը գրեն «հովանաւորչութեամբ», սփիւռքի մէջ կը գրեն մեկենասութեամբ: Այսինքն հրատարակուած գիրքը ոչինչ կ’ապահովէ հրատարակիչին եւ գրողին: Էջերուն վրայ տեղ մը փնտռեցէք անոնց տպաքանակը, եթէ ամօթխածութեամբ չեն մոռցած այդ արձանագրելու: Վիրաւորական եւ արհամարհական` գրողին համար եւ նաեւ… ազգին. տպաքանակ` 200, 300, 400, հազուադէպօրէն` 500:

Իւրաքանչիւր գիրքի պարագային, անոնց հրատարակութենէն տարի մը ետք, պէտք է հրատարակել, թէ տուեալ գիրքին ո՞ր տոկոսը որպէս նուէր բաժնուած է, քանի՞ օրինակ ծախուած է եւ քանի՞ օրինակ կը մնայ սենեակի մը կամ նկուղի մը մէջ: Այս տեղեկութիւնները հարկ է հրատարակել թերթերու առաջին էջերուն վրայ, լրատուամիջոցներով, հայալեզու եւ օտարալեզու, փորձելով լսելի դառնալ զանգուածէն, նաեւ «էսթեպլիշմընթ»-էն, որ Պոլսոյ «լըվանթեն»-ներուն պէս հայերէնը ծալած եւ վրան նստած է, ինչպէս` իր ազգային իրաւ արժանապատուութեան վրայ: Այս բոլորը իմանալով` թերեւս նուազ «կուկուլիկու» կ’ընենք մեր մշակութասիրութեան մասին…

Առանց բաւարարելու գինեձօնի եւ շնորհահանդէսի պղպջակներով:

Եւ հարց տալ, թէ ճառեր զարդարող ո՞ր «ոգեկանութիւն»-ը կը վերականգնի այս եղանակով, երբ հայերէնը կը խեղճանայ եւ կ’անհետանայ, գիր ու գիրք կ’ըլլան հազիւ թէ գեղօր:

Բոլոր անոնք, որոնք իմաստուն կը թուին ըլլալ` խօսելով անմիջական, մօտաւոր եւ հեռաւոր նպատակներու մասին (projets Ո court, Ո moyen et Ո long terme), նոյնքան իմաստութիւն չե՞ն ուզեր ցուցաբերել հայերէնի, գիրի ու գիրքի իրարու շաղկապուած ուշադրութեան չարժանացող խնդրով: Հարցում էր:

Ո՞վ պիտի ըսէ, թէ ի՞նչ կ’ընենք եւ պիտի ընենք անմիջական, մօտաւոր եւ հեռաւոր նպատակներ հետապնդելով հայերէնի, հայ գիրի եւ գիրքի համար:

Մի՞թէ անցած ենք օդաչուներու համար ճշդուած point of no return-ը:

Դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք ըսել, որ մենք մշակութային մեծ ժողովուրդ ենք:

Պիտի ըսե՞նք` ԷԻՆՔ:

Պճեղ մը իրատեսութեամբ պիտի հասկնա՞նք, որ տարեդարձներ եւ տարելիցներ մշակոյթ չեն ստեղծեր, անոնք կը նմանին հոգեհանգիստի: Կամ պարզապէս խնկարկումով հոգեհանգիստ են:

Այդքանն ալ օր մը պիտի չըլլայ, եթէ շարունակող եւ ապրող մշակոյթ չունենանք:

Ինչպէ՞ս պիտի ունենանք 300 տպաքանակով գիրքով… որ նուէր կը տրուի:

Այս խնդիրներն ալ խորհրդաժողով մը չե՞ն արժեր: Ի հարկէ, այս պարագային իրենց փէշերը հաւաքելով` «էսթեպլիշմընթ»-ի աւագները պիտի չգան:

Իսկ եկողները կրնան կրկնել Նիկոլ Աղբալեանի խօսքը. «Գաղափարը դրամ չունի, դրամն ալ` գաղափար»… եւ շարունակեն խօսիլ մշակոյթի մասին:

Ինչո՞ւ այս խօսքը շրջանակելով` չենք կախեր մեր սրահներուն, ակումբներուն եւ ժողովասրահներուն մէջ:

10 սեպտեմբեր 2014, Երեւան

 

Share this Article
CATEGORIES