«Օրիորդ Պապիկ»
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մեր ընտանեկան վերջին «ընթրիք-ժողովին», մենք` այր ու կին, տղաս եւ հարսս, կրցանք որոշ եզրակացութեան մը յանգիլ: Այսպէս, ես ու կինս, որ աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր հայկական միօրեայ վարժարանի մը հայոց լեզուի ուսուցիչ-ուսուցչուհի էինք, եւ որովհետեւ տակաւին նոր հինգ տարիքը թեւակոխած մեր թոռնիկը ամէնօրեայ հայկական վարժարան մը յաճախելու պատեհութենէն զանազան պատճառներով զրկուած էր, առաջարկեցինք սիրայօժար ամէն շաբաթ օր մեզի հետ մեր պաշտօնավարած վարժարանը տանիլ` հայերէն սորվելու եւ իր հայ ըլլալը չմոռնալու համար: Միաժամանակ յիշեցնեմ, թէ մեր երկու մանչերն ալ նոյն ձեւով հայերէն սորված էին տարիներ առաջ:
Ծնողքը ընդունեց: Ես ալ, իբրեւ հայ ծնող, կարծես լռելեայն անգամ մը եւս հաստատած էի, որ զոհաբերութեան ոգին միշտ եղած էր գլխաւոր յատկանիշը հայ հօր եւ մօր` հանդէպ զաւակներուն, յատկապէս ու մանաւանդ` թոռներուն:
Որոշումը մնայուն ժպիտի նման բան մը քանդակեց դէմքիս: Իսկապէս, որ արիւնս հետզհետէ դէպի ծերութիւն քալող երակներուս մէջ հրճուանքէն կ՛եռար: Ներքին հաշտութեամբ մը լեցուն միտքով` հպարտ էի: Անօրինակ զգացում: Բան մը փրկողի բաւականութեամբ լեցուած էին սիրտս ու հոգիս:
Անկեղծօրէն, մեր այս առաջին թոռնիկին` Վանային աշխարհ գալէն ի վեր, Կիկոսի պատմութեան նման, միամտօրէն մեզի շատ ծանօթ ու հարազատ զգացումներէն տարուած, այր ու կին, երկուքով, սկսած էինք մտածելու, թէ արդեօք իր ծնողքը ի վիճակի պիտի ըլլայի՞ն զինք հայկական ամէնօրեայ վարժարան ղրկելու: Արդեօք իրենց տան մօտերը նման վարժարան կա՞ր: Հապա՞ եթէ չըլլար կամ նիւթական դժուարութեան պատրուակով չղրկէին, ի՞նչ պիտի ընէինք: Իբրեւ հանի եւ տատի` իրաւունք ունէի՞նք միջամտելու: Ինչպէ՞ս հայերէն պիտի սորվեր կամ հայ պիտի մեծնար մեր թոռնիկը: Ինչպէ՞ս հայ պիտի մնար: Արդեօք շատերուն նման` միայն անունո՞վ հայ պիտի ճանչցուէր:
Սկսած էինք լրջօրէն եւ երկար մտածել ու մտահոգուիլ` առանց անդրադառնալու, որ նորածինը հայր եւ մայր ունէր, եւ մեր իրաւունքներէն դուրս կը մնար ամէն տնօրինում: Անոնք էին միայն, որ նման կարեւոր որոշում կրնային տալ եւ ոչ` մենք: Հոս Ամերիկա էր եւ վե՛րջ:
Բայց® ո՞ւր մնացին ազգային արժէքներու փոխանցումը, հայու ոգիի պաշտպանութիւնը, հայ լեզուն® Միայն պարապ խօսք կամ ձեւականութի՞ւն` շատ մը ուրիշ հայկականութիւն հոլովող ճառերու պէս:
Մեզի` երկար տարիներու հայ լեզուի համեստ մշակներուս համար, մեր լեզուն ցեղ էր եւ ազգային միութիւն: Առաւել` Ամերիկա կոչուած այս խառնարանին մէջ հայ մնալու, ապրելու եւ յարատեւելու ցանկութիւնն ու կամքը մեզ արթուն կը պահէին:
Պէտք էր, որ զանոնք փոխանցէինք մեր ժառանգորդներուն: Այս եւ ասոր նման բաներ մեր վիզին պարտքը համարած էինք: Եւ յանկարծ ահա քեզի հոգի ու մարմին մաշեցնող տաղտուկ, եթէ թոռնիկը հայկական վարժարան չյաճախէր® Արդեօք փոքրիկը միայն Հայ կեդրոն երթալով կամ սկաուտ ըլլալո՞վ պիտի կարենար հայ մնալ, ան ալ` իմ գիտցած հայս: Կը կասկածէի, որովհետեւ հոն ալ, այդ շէնքերէն ներս, ժողովասրահներէն մինչեւ փողոցին դուռը, բոլոր երեխաներն ու պատանիները, անխտի՛ր, անգլերէն կը խօսէին: Հայերէնով արտայայտուողները հազուագիւտ էին:
Է՛հ, այս բոլորը արդեօք բաւարա՞ր էր հայ մնալու համար: Հապա լեզո՞ւն եւ ոգի՞ն: Կը հաւատայի, որ եթէ այս երկուքը զուգահեռ չընթանային, անհատը իբրեւ հայ, կորսուած պիտի ըլլար: Ինծի համար մեր ակունքը մնայուն պահողը միայն մեր ոգին չէր, լեզուն ալ պէտք էր: Լեզուն կարեւոր է, աւիշ է, պատմութիւն է եւ հայութիւն:
Ահա քեզի` հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու, այս երկրին մէջ հայ ըլլալու եւ մնալու դեղատոմսի որոնում կամ բարդոյթ: Հայու դիմագրաւած կեանքին հեգնանքը:
Անքուն գիշերներ անցուցինք ու մեր երկուքին հարազատ սիրտի տրոփումներէն մեկնած, մենք` պապիկ եւ նանի, որ տարիներէ ի վեր համերաշխ ու լուռ միասին շալկած էինք կեանքի բեռը, հոս, այս հսկայ երկրին մէջ զաւակ մեծցուցած, զանոնք տեղ մը հասցուցած էինք, հիմա ալ մեր թոռնիկին ազգային պատկանելիութեան հաշուոյն մտահոգուելով` մեր այսքան շուտ բոպիկնալը զարմանք պատճառած էր մեր հարազատներուն:
Բայց ի՛նչ ալ ըլլար, այս հարցը մեզի համար սրբազան պարտականութիւն համարած էինք միշտ: Մենք բոլորս ալ, մեծով ու պզտիկով պատասխանատուներ էինք մեր պատմութեան առջեւ: Տակաւին, իբրեւ հայ լեզուի դասատուներ, մեր տուներէն ներս կամ դուրս, պարտաւոր էինք նաեւ պաշտպանել մեր լեզուի իշխանութիւնն ու անոր հրաշագործ դերը:
Հաստատապէս մեր այս մտածումով մեր տղուն եւ կամ հարսին որոշ բան մըն ալ փաստել կամ սորվեցնել կ՛ուզէինք:
Հաւատացէ՛ք, խոր ու անյատակ մտահոգութեան մը արդիւնքն էր մեր այս զգացումը, եթէ կ՛ուզէք նոյնիսկ ազգային եւ նոյնքան ալ բնազդական բնոյթ կրող ապրումներէ ծնած ու մեր պատասխանատուի զգացումէն մեկնած եւ անոր անտեսանելի մէկ երեւոյթէն ծնած գերագոյն, մաքուր եւ ճերմակ բաղձանք:
Ո՞վ գիտէ: Հազար միտքեր: Բայց ի՛նչ բանի ալ ծնունդ ըլլային® տաժանելի էին:
Մտայնութիւն ըսի, զոր մեր ծնողներէն ժառանգած ու մեզ հետ Արեւելքէն շալկած ու բերած էինք:
Ո՞ւր փախաւ միտքս: Կը փորձեմ ամփոփուիլ:
Այսպէս, որոշուած շաբաթ առաւօտը, թոռնիկ Վանային հագցուցինք մեր դպրոցի պաշտօնական համազգեստ կոչուած ճերմակ շապիկը: Ինքն ալ իր կարգին հպարտօրէն եւ ամուր մը թեւին տակը առնելով իր փոքր պայուսակը, որուն մէջ քանի մը էջ ճերմակ թուղթ, տաշելիք ու տեսակաւոր մատիտներ կային, մեզի հետ մտաւ ինքնաշարժ:
Տղաս խստիւ պատուիրեց պապիկին եւ նանիին խօսքը մտիկ ընել, հնազանդ ըլլալ եւ մանաւանդ` օրիորդը չբարկացնել:
– Անուշի՛կս, պապիկը չի կրնար միայն քեզմով զբաղիլ, տունը այո՛, բայց դպրոցը` ո՛չ: «Օքէ՞յ»: Օրիորդիդ խօսքն ալ մտիկ ընելու չմոռնաս, քեզի սըրփրայզ մը ունիմ վերադարձիդ:
Սրփրայզ»: Մէկ խօսքով, ամերիկեան կաշառքի ձեւ:
Իր կարգին, ցած ձայնով, շրթունքի եզրին հեգնանք մը, Վանան ալ «օքէյ» մը ըսաւ: Լսեցի: Յայտնի էր, որ իր լսածներուն շատ ալ համաձայն չէր: Նաեւ բացայայտ էր, թէ իր արտասանած բառերը կորսնցուցած էին իրենց խորհրդաւոր եւ լիարժէք իմաստը: Անոր համար արագ մը խոստացած էր:
Հասանք դպրոց: Ձեռքէս ամուր բռնած էր, եւ երեքով մտանք սրահ: Այր ու կին անմիջապէս շարեցինք աթոռները, սեղանները, սրահին տուինք դասարանային որոշ տեսք, ու սպասեցինք աշակերտները: Ի՞նչ ընէինք: Նախ պէտք էր Հայ կեդրոնի սրահը դասարանի վերածէինք: Այսպէս էր մեր դպրոցի ֆիզիքական իրավիճակը: Ապա որոշուած ժամուն, ներկայ գտնուող աշակերտները հաւաքելէ եւ միասնաբար «Տէրունական»-ը աղօթելէ ետք, զանոնք իրենց դասարանները ղրկեցի` առանց մոռնալու, որ այդ փոքրերուն շարքերուն մէջ տեղ մը «մերինն» ալ կար: Վեր, վար, փոքր սենեակներ եւ սրահ:
Թոռնիկիս թելադրեցի, որ իր ուսուցչուհիին մօտ մնայ, նոյն սրահին մէջ, մանկապարտէզի փոքրերուն հետ, իմ դասարանէս քանի մը քայլ անդին:
Վանան ձեռքս ձգեց: Յուզուած կ՛երեւէր: Աչքով նշան ըրի, որ հնազանդի: Ժպտեցայ: Կարծես այդ պահուն իր յուզումն ալ նահանջեց: Այսպէս, տեսակ մը շաղուած աչքերով հայեացքը վրաս նետեց ու գնաց նստելու իր նոր ընկեր-ընկերուհիներուն շարքին: Նոյնքան հանդիսաւոր կերպով իրեն համար որոշուած տեղը գրաւեց:
Դասը սկսայ, տասը եւ աւելի տարիք ունեցող երկսեռ աշակերտներու խումբիս հետ: Նախ` խօսիլ եւ խօսեցնել, նոյն ատեն հայերէն բառերով փոխարինել անգլերէնով արտասանուած բառերը, ապա` դասը կարդալ տալ: Անկեղծօրէն, եթէ աշակերտներուս յաճախակի ետեւ դառնալը չնշմարէի, բոլորովին մոռցած պիտի ըլլայի, որ ինձմէ երկու սեղան ետեւ, զոյգ մը սեւ աչքերով աղջնակ մը զիս կը դիտէր:
Դասարանը զգաստութեան հրաւիրեցի, միաժամանակ Վանային ջերմութեամբ մը ժպտացի, սանկ` խոնարհ ժպիտով մը: Զգացի, որ գլխուն մէջ կատարեալ շփոթ կար, միտքերու քաոս: Թերեւս անոր համար, որ երբեք իր պապիկը այսչափ լուրջ եւ կամ այս նոր տիպարով չէր տեսած: Թերեւս:
Է՜հ աշխարհ: Ինչ լաւ բան է փոքր ըլլալ եւ այդպէս ալ մնալ:
Միւս կողմէ` այդ նոյն դասարանին մէջ նորութիւն մը չէր երեխաներուն անհանդարտ վիճակը: Փոքրերը այդպէս են: Ամէն վայրկեան կ՛ուզեն դուրս ելլել, ջուր խմել, «պեթրում» երթալ: Անմեղ պատրուակ: Կարիքը հնարամիտ կը դարձնէ մարդը, ըսած են մեծերը: Յանկարծ լսեցի Վանային ձայնը.
– Օրիորդ, ես ալ կրնա՞յ եմ ջուր խմել:
– Այո՛, կրնաս,- պատասխանեց ուսուցչուհին:
Հետաքրքրութիւնս սրած էր: Դարձայ իր կողմը: Վանային դէմքը կարծես լուսաւորուեցաւ: Ակամայ հետեւեցայ իր շարժումներուն: Նախ վազելով դուրս ելաւ սրահէն եւ ուղղակի ջուրի ծորակին մօտեցաւ:
Շարունակեցի դասը` ես ինքզինքս ձեւով մը յանցաւոր զգալով: Հիմա թոռնի՞կը կարեւոր էր, թէ՞ դասը: Միտքս զիս կը պախարակէր լուռ եւ անձայն: Իրաւունք ունէր: Ու չեմ գիտեր` որքա՛ն ժամանակ կրցայ աչքերէս հեռու պահել այդ դասարանը, ուր սեւուլիկ աչքերով աղջնակ մը հանդարտ անկեղծութեամբ կը հետեւէր իր դասին: Միայն այն գիտեմ, որ բաւական երկար ժամանակ ըլլալու էր, եւ գրեթէ զբօսանքի պահուան մօտ, երբ աչքիս տակէն նշմարեցի Վանային շուքը:
Դարձայ իր կողմը: Ան իր մանր քայլերով կտրած էր շարքերը ու ինծի մօտեցած: Յանկարծ կանգ առնելով` բարձրաձայն ըսաւ.
– Օրիորդ պապիկ, հաճիս գունաւոր մատիտներ տուր, օրիորդս կ՛ուզէ:
Ըսաւ արագ, եւ առանց պատասխանի սպասելու վստահ շեշտով կրկնեց.
– «Օրիորդ պապիկ», «փըլի՜զ»:
Բառերը փշրուեցան, ինչպէս փխրուն արձան: Կարծես ձայնը դողաց եւ աչքերը կայծեր արձակեցին:
Ու սրահին մէջ պայթեցաւ քրքիջը: Երկինքէն ինկածի պէս ես ալ, աշակերտներուս նման, յանկարծակիի եկած էի: Միտքէս ծայրէն չէի անցուցած, որ ինծի ալ այդ ձեւով պիտի մօտենար: Խեղճը իրաւունք ունէր: Ես իրեն համար, ա՛յդ պահուն, ա՛յդ սրահին մէջ իր օրիորդին պէս էի: Ես ալ ուրիշ «օրիորդ» մըն էի:
Ժպիտս խնդուքի վերածուեցաւ ու առիթ տուաւ, որ սրահն ալ աղմկէ: Բազմաձայն աղմուկը ալեկոծեց սրահը, մինչ ինք, ի տես ստեղծուած մթնոլորտին, կծու հեգնանքով ողողուած աչքերը կը թարթէր անհանգիստ:
Անմիջապէս սաստեցի: Իրարանցումը խաղաղեցաւ: Աղմուկն ու ձայները նահանջեցին եւ լռութիւնը տիրեց:
Այս բոլորէն ետք, պապիկ եւ թոռնիկ դէմ-դէմի կեցած, զիրար կը դիտէինք: Իր դէմքին վրայ վստահութեան շեշտով լեցուն ծանր լրջութիւն մը կար կարծես: Յուշ պատմողի խաղաղ նայուածք մը, որ համակրանք կը յայտնէ:
Տուի մատիտները: Ինքն ալ, առանց ժամանակ կորսնցնելու, մտերիմ դիմագիծով մը, կրկին բարձրաձայն` «թենք եու, օրիորդ պապիկ» ըսելէ ետք, անշտապ դէպի իր դասարանը ուղղուեցաւ` լրջութեամբ եւ զարմանքի արտայայտութեամբ մը:
Այդ օր իր պատճառով ես էի օրուան «հերոսուհին»:
Մէկ խօսքով, տնեցիներուն եւ մօտիկ ազգականներուն բերնին ծամօնը` «օրիորդ պապիկ»-ը նոր եւ հետաքրքրական անուն մը դարձաւ:

