Արամ Ա. Կաթողիկոս Քաւալայի Եւ Քսանթիի Մէջ

0926_Aram-I_KavalaՇարունակելով հիւսիսային Յունաստանի շրջանը կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը` Արամ Ա. կաթողիկոս ուրբաթ, 26 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան Թեսաղոնիկէէն ուղղուեցաւ դէպի Քաւալա: Քաւալայի փոքրաթիւ հայ գաղութի զաւակները ջերմօրէն ողջունեցին վեհափառ հայրապետին ժամանումը` Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին:

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Կանոնական աղօթքէն ետք, վեհափառ հայրապետին ողջոյնի խօսք ուղղեց Յունաստանի Ազգային վարչութեան անդամ Մաննիկ Աշրեան: Ան իր խօսքին ընթացքին նշեց, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայոց կաթողիկոս մը կ՛այցելէ այս շրջանները: Ան տեղեկացուց, որ ժամանակին հայահոծ շրջան եղած է Քաւալան, սակայն Համաշխարհային Բ. պատերազմի շրջանին մեծ թիւով հայորդիներ գաղթած են դէպի արեւմտեան երկիրներ. այսօր շուրջ տասնհինգ ընտանիք մնացած է, որոնց կողքին վերջին տարիներուն Հայաստանէն արտագաղթած շուրջ վաթսուն ընտանիքներ կան:

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ քանակէն առաջ գաղութի մը որակն է էականը: Գաղութի մը որակը մեր մշակութային եւ ազգային արժէքներուն նկատմամբ անոր ունեցած հաւատարմութիւնն է: Երբ ձեր մասնակցութեամբ եկեղեցին կը պահէք պայծառ, երբ եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծած էք համախումբ հայկական կեանք մը, սա կը նշանակէ, թէ Հայաստանը կ՛ապրիք հայրենիքէն հեռու օտարութեան մէջ. ամրօրէն կառչած հայու ինքնութեան:

Քաւալայէն Արամ Ա. կաթողիկոսին թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Քսանթի: Քսանթի քաղաքին մէջ կ՛ապրին շուրջ քսան հայ ընտանիքներ, որոնց միացած են վերջին տարիներուն Հայաստանէն արտագաղթած հարիւրէ աւելի ընտանիքներ: Գաղութը ունի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ անոր շուրջ կը գործեն պատկան մարմիններ: Այստեղ եւս վեհափառ հայրապետը արժանացաւ ջերմ դիմաւորութեան` քահանայ հօր եւ պատասխանատուներուն կողմէ:

Կանոնական աղօթքէն ետք, թաղականութեան ատենապետը յատուկ ուղերձով ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը: Իր խօսքի աւարտին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ վեհափառ հայրապետին: Քաղաքի մետրոպոլիտին ներկայացուցիչը եւս բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը ուղղելով շրջանի ժողովուրդին, շեշտեց հաւատքի կենսական կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հաւատքն է, որ մեր ժողովուրդը պահեց ու պահպանեց մեր պատմութեան փոթորիկներուն մէջ: Հաւատքն է, որ ներկայ կեանքի վերիվայրումներուն մէջ հեռու պիտի պահէ մեզ ամէն տեսակ փորձանքներէ: Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց ժողովուրդին իր  մասնակցութեամբ պայծառ պահելու եկեղեցին` հաւատքի տունը, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը եւս պայծառակերպուի հաւատքի զօրութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES