Արամ Ա. Կաթողիկոս Թեսաղոնիկէի Մէջ Կը Հանդիպի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ
Հինգշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր շքախումբով եւ Թեսաղոնիկէի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելութիւն տուաւ Թեսաղոնիկէի նահանգապետ Ափոստոլոս Ծիծիքոսթասի:
Նահանգապետը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ պատմական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական մարզերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին Յունաստանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ այսօրուան աշխարհին ու յատկապէս Եւրոպական Միութեան մէջ Յունաստանի իւրայատուկ ներդրումին:
Կէսօրին, վեհափառ հայրապետը այցելեց Անաթոլիա ամերիկեան քոլեճ, ուր դիմաւորուեցաւ քոլեճի նախագահ Փանոս Վլախոսի եւ պատասխանատուներու կողմէ: Վլախոս գոհունակութիւն արտայայտեց այս այցելութեան համար եւ նշեց Անաթոլիա քոլեճին կապը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերուն հետ:
Վեհափառ հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան ու որբերու յիշատակին հետ սերտօրէն շաղախուած Անաթոլիա քոլեճին մէջ: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով յայտնեց, որ որբերու նուիրուած թանգարան մը շինութեան ընթացքի մէջ է «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ: Ապա, քոլեճի պատասխանատուները վեհափառ հայրապետին ցոյց տուին իրենց գրադարանին մէջ գտնուող հայկական ձեռագիր մը, ինչպէս նաեւ քոլեճի պատմութեան եւ հայ որբերու հետ առնչութիւն ունեցող լուսանկարներ:
Յետմիջօրէին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Եորղոս Օրֆանոսի: Նախարարը խօսեցաւ Յունաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցերու շուրջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ յունահայ գաղութին եւ իր խոր գնահատանքը յայտնեց:
Վեհափառ հայրապետը իր կարգին գնահատեց նախարարին ցուցաբերած զօրակցութիւնը, յատկապէս Յունաստանի հիւսիսային քաղաքներուն մէջ հաստատուած հայ գաղութներուն գծով: Ապա, ընդառաջելով նախարարի փափաքին, ան իր տեսակէտը պարզեց Միջին Արեւելքի մէջ վերջին շրջանի զարգացումներուն մասին:
Երեկոյեան վեհափառ հայրապետին ի պատիւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք: Ներկայ էին Թեսաղոնիկէի Անթիմոս մետրոպոլիտը, հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Եորղոս Օրֆանոսը, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ հայ գաղութի ներկայացուցիչներ: Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով կարեւորութեամբ շեշտեց պետական պատասխանատուներուն դրական արժեւորումը Յունաստանի հայ գաղութին կապուածութեան: Ան ըսաւ. «Մեր ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն գործակցութիւնը միայն Թեսաղոնիկէի մէջ չէ, այլեւ ամէնուրեք. ուր որ հայեր եւ յոյներ կը հանդիպին իրարու, անոնք համերաշխօրէն կ՛աշխատակցին ի խնդիր մեր երկու ժողովուրդներու երազներու իրականացման եւ արդարութեան տիրացման»:

