Հայկական Մամուլին Դերը Համաշխարհայնացուած Աշխարհին Մէջ

10665131_804147659608026_304515689455552499Համաշխարհայնացուած աշխարհի մէջ մամուլին եւ այս պարագային հայկական մամուլին դերը բանաձեւելը բաւական բարդ աշխատանք կ՛ենթադրէ պարզ այն պատճառով, որ երկրագունդը այսօր անընդմէջ եւ ամենաարագ կշռոյթներով նոր նորմեր, նոր օրինաչափութիւններ, նոր կանոններ կը ստեղծէ: Անվերջանալի եւ կայծակնային արագութեամբ զարգացող գործընթաց է այս մէկը, որուն հետ քայլ պահելը, հետեւիլը եւ ստեղծուած եղանակին հետ առնչակից դառնալը նոր մօտեցում, արհեստավարժութեան բարձր մակարդակ եւ նորացուած հմտութիւններ կը պահանջէ:

Մամուլի, կամ` աւելի ճիշդը, զանգուածային լրատուամիջոցի հետ առնչուած իբրեւ երեւոյթ, արագութիւնը առաջադրուած եղանակ է ժամանակակից աշխարհի փոխյարաբերութիւններուն մէջ: Նոյնքան կենսական, որքան` բովանդակայինը: Արագութիւնն է ժամանակակից համարուելու ընդունուած չափանիշը. մրցակցային դաշտը այսօր գերարագութեան նոր մրցանիշ ապահովելու ճիգին վրայ կառուցուած է:

Արագութեան առընթեր, իբրեւ կարեւորագոյն սկզբունք, բաց համակարգն է այսօր տիրապետող գործելաոճը: Բաց համակարգին նախորդած թափանցիկութեան, հրապարակայնութեան կարգախօսերը վերածուած են համակարգային դրոյթի, ուր տեղեկացուածութիւնն է իբրեւ երրորդ սկզբունք, որ կը համակէ այս դաշտին մէջ դեր վերցուցած որեւէ կազմակերպութիւն թէ քաղաքացիական հասարակութիւն: Լուրը, ունենայ քաղաքական, մշակութային, մարզական կամ որեւէ ոլորտի վերաբերող թէ զուտ անհատական կենցաղային բնոյթ, եթէ տեղադրուած է բաց համակարգին մէջ, ուրեմն հասանելի է բոլորին:

Արդէն անցանք յաջորդ նորմին` հասանելիութեան աննախադէպ տարողութեան, որ այսօրուան համաշխարհայնացուած աշխարհին մէջ ընթացիկ, կայացած երեւոյթ է: Անհատը հասանելի է զանգուածներուն եւ զանգուածները` նոյնպէս անհատին: Հասանելիութեան հսկայական տարողութեամբ ոչ միայն տեղեկացուած ըլլալու, այլ նաեւ տեղեկացնելու ներկայ դրութիւնը բաց համակարգը կ՛օժտէ այլ սկզբունքով եւս. փոխներգործօնութիւնը: Զանգուածը, որ կը տեսնէ որեւէ լուր, տեղեկութիւն, լուսանկար կամ տեսերիզ, առիթն ու քաջալերանքը ունի իր տեսակէտը տալու, արտայայտուելու, կիսելու կամ չհամաձայնելու,  կամ իր հերթին` լուրը յաւելեալ շրջանակներու մէջ շրջանառութեան մէջ դնելու: Եւ այսպէս, անվերջ կը բանին հասանելիութիւն ապահովող գործիքները` բազմապատկելով թիւերը, նոյնիսկ վերահսկողութենէ դուրս բերելով հասանելիութեան տարածքները: Ներկայ դրութիւնը մղած է ոչ միայն մամուլի ամէնէն հռչակաւոր ներկայացուցիչները օգտագործելու այլընտրանքային  լրատուամիջոցը` ընկերային ցանցերը, այլ նաեւ տարբեր պետութիւններու գերատեսչութիւններու ղեկավարները` օգտագործելու նոյն միջոցները կիսապաշտօնական յայտարարութիւններ տարածելու համար:

Դիտանկիւններուն  քաղաքական պրիսմակներ օգտագործելով` պէտք է այստեղ ըսել, որ այս օրինաչափութիւններով գործող բաց համակարգին մէջ աշխատելու կոչուած ենք բոլորս` իբրեւ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ: Այս իրականութեան ծալքերուն իրազեկ ըլլալը ոչ միայն ներկայ լրագրութեան արհեստավարժ մակարդակի իւրացման ձգտումը կը հետապնդէ: Հայկական լրատուադաշտին մէջ գործող ոեւէ անհատ պարտաւորութեան տակ է նաեւ տեղեկատուական պատերազմի ներկայ կանոնները լաւապէս ըմբռնելու, տեղեկատուական առումով հակառակորդներու մարտավարական խաղերը խորապէս հասկնալու եւ յատկապէս չներքաշուելու անոնց ծուղակներուն մէջ:

Տեղեկատուական մարզը այնքան սերտացած եւ զուգորդուած է քաղաքականին հետ, որ ոլորտներու տարանջատումը արհեստական կը հնչէ:

Պարզ է, որ այսօրուան բաց համակարգը ամէն բանէ առաջ տեղեկատուական բնոյթ ունի, եւ հայկական կողմին աշխարհատարածութիւնը այս պարագային միայն կրնայ առաւել բերել մնայուն հաղորդակցութեան, խորհրդակցութեան, փոխներգործօնութեան եւ յատկապէս կարեւորագոյն առաջադրանքներու շուրջ համախմբուածութեան առումով: Այսօրուան տեղեկատուական ցանցային կառոյցին  համապատասխան, իբրեւ ազգ, մեր ֆիզիքական ցանցայնութիւնը  մեծ առաւելներ կրնայ ապահովել մեր աշխատանքներուն,եթէ անոնք ժամանակակից դրոյթներու օգտագործումով ընթանան նպատակաուղղուած շեշտադրումներով:

Հայկական ցանցային տեղեկատուութեան կեդրոնին վերապահուած համակարգումի գործառոյթը աւելի քան կենսական է: Համահայկական խնդիրներու բարձրացման, տեղեկացուած հայ քաղաքացիի կազմաւորման, միայն սրբագրելու միտումով առողջ, շինիչ ու կառուցողական քննադատութեան, բայց մանաւանդ հակառակորդներու սանձազերծած ապատեղեկատուական արշաւներուն հակազդելու եւ այս ուղղութեան վրայ որոշակի նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալու առաջադրանքները հրամայական են:

Կան շատ խնդիրներ, որոնք հրապարակային ձեւով քննարկելը օգտակար կը հանդիսանան համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման աշխատանքին: Բազմակարծութիւնը, առողջ բանավէճերը, փաստարկներու եւ հակափաստարկներու ներկայացումները Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք առանցքային գիծերու վրայ միայն օգտակար են այդ առաջադրանքի իրականացման համար: Միաժամանակ, սակայն, նոյնքան առաջադրելի համազգային կարեւորութիւն ներկայացնող եւ ճգնաժամերուն ուղեկցող տեղեկատուութեան արհեստավարժութեամբ աշխատիլը: Ճգնաժամերը կրնան վերաբերիլ ինչպէս հայրենական սահմանային շրջաններուն, այնպէս նաեւ` սփիւռքի միջինարեւելեան համայնքներուն: Եւ այստեղ պէտք է արձանագրել, որ վերջին շրջանին մեր հայրենիքի սահմանային գիծերուն վրայ ստեղծուած լարուած իրավիճակին եւ հակառակորդին կողմէ կատարուած ոտնձգութիւններուն դիմաց հայկական տեղեկատուութիւնը շարժեցաւ զգօն եւ սթափ վիճակի մէջ` լրատուութիւնները հիմնելով համապատասխան գերատեսչութիւններու թողարկած պաշտօնական լրահոսին վրայ: Թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի մեր համայնքներու պարագային, իրադրութիւններ կը յուշեն, որ հայկական լրատուադաշտը իր հերթին պատրաստ պիտի ըլլայ ճգնաժամային տեղեկատուութիւն կազմակերպելու աշխատանքին:

Ներկայ համաշխարհայնացուած աշխարհին մէջ տեղեկատուութիւնը կը գործէ արագ, բաց համակարգով, հսկայական տարողութեամբ հասանելիութեամբ եւ ցանցային կառոյցով:

Ցանցային կառոյցը կ՛ունենայ կեդրոն: Հայաստանակեդրոնութիւնը այս պարագային ամէնէն ճիշդ միջավայրն է աշխատանքի համակարգումին համար: Փաստօրէն արդէն վեցերորդ տարին ըլլալով` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը անվերապահօրէն կ՛աջակցի ժամանակակից օրինաչափութիւններու նկատառումով առաւելագոյնս օգտագործելու համար հայկական տեղեկատուադաշտը համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման նպատակին:

Այս նոր օրինաչափութիւնները նկատի առնելով եւ անշուշտ հայկական տեղեկատուական դաշտի գործիչները համախմբելու  եւ կարեւորագոյն օրակարգերու շուրջ քննարկումներ ծաւալելու մտադրութեամբ էր, որ սփիւռքի նախարարութիւնը կազմակերպեց հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համահայկական 5-րդ համաժողովը, Ստեփանակերտի մէջ: Տեղեկատուական առաջնային խնդիրներ քննարկելու հրաւիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի լրագրողները ոչ միայն զեկուցեցին ու քննարկեցին կարեւորագոյն հարցերը, այլ նաեւ ուղենշեցին համագործակցութեան ոլորտները: Համագումարը լիարժէքօրէն ծառայեց փոխճանաչողութեան եւ համագործակցութեան ուղիներու ուրուագծման: Այս յաջող օրինակը յանգեցաւ այն որոշումին, որ պէտք էր համակարգել դաշտը` նոր կառուցակարգի  նախագիծով: Սփիւռքի նախարարութեան կից սկսած է գործել լրագրողներու համաժողովները համակարգող յատուկ խորհուրդ, որուն մէջ ներառուած են ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութենէն, այնպէս նաեւ Արցախէն եւ սփիւռքէն մեր ամենահեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները: Կանոնաւոր հերթականութեամբ գումարուող խորհուրդի նիստերը, որոնց իրականացման համար մեծապէս կ՛աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, կարելի է ըսել, որ նոր ուղի հարթեց աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խնդիրներու ներկայացման, համաժողովներու նիւթերու եւ օրակարգի կէտերու ձեւաւորման, օտարալեզու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հայրենիք գործուղման, հակառակորդներու ապատեղեկատուութեան մէջ չներքաշուելու մեքենականութիւններու յառաջացման, երիտասարդ լրագրողներու կազմաւորման եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ տեղեկատուական ոլորտի նախապատրաստութեան առումով:

Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովը իր աշխատանքները կը մեկնարկէ վաղը: 160 զանգուածային լրատուամիջոցներու ղեկավարներու ընդառաջումն ու մասնակցութիւնը նոր թափ, նոր տարողութիւն եւ նոր զսպանակում կ՛ապահովեն մեր աշխատանքներուն: Մանաւանդ որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի արդէն անցում կատարած փուլին, հայկական տեղեկատուադաշտը իր այս համախմբուածութեամբ բազմաթիւ ուղերձներ կը փոխանցէ բոլորին:

Բոլոր կողմերը, նախ եւ առաջ` մեր հակառակորդները, պիտի իմանան, որ գործ ունին Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութեան վրայ կայացած եւ հայկական տեղեկատուութեան գերակայ ուղղութիւնները ճշդած անշրջանցելի համակարգի հետ:

Բարի երթ` մեր բոլոր աշխատանքներուն: Շնորհակալութի՛ւն:

Սփիւռքի ներկայացուցիչներու 5-րդ համաժողովին Լրագրողներու համակարգող խորհուրդի նախագահ «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի խօսքը:

Share this Article
CATEGORIES