Տէրսիմ. Ճակատագրակից Ժողովուրդ, Հայկական Շերտեր

ՆԱՅԻՐԵԱՆ

1938-ին Տէրսիմի մէջ թրքական բանակին կողմէ գերեվարուած տէրսիմցի երեխաներ եւ կիներ

1938-ին Տէրսիմի մէջ թրքական բանակին կողմէ գերեվարուած տէրսիմցի երեխաներ եւ կիներ

1960-ական թուականներուն տէրսիմահայերը կը կարծէին, թէ իրենք Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած աշխարհի երեսին ապրող միակ հայերն են: Այդ մտայնութիւնը հիմնաւոր պատճառ ունէր: Հարցն այն է, որ թուրքերը Տէրսիմը կտրած էին արտաքին աշխարհէն: Տեղեկատուութեան անհասանելիութիւնն ու վերահսկողութիւնը թուրքերու կողմէ ըմբոստ Տէրսիմը ճնշուած վիճակի մէջ պահելու եւ ենթարկեցնելու նպատակ կը հետապնդէր:

Թրքական իշխանութիւնները պարբերաբար իսլամութիւնը պարտադրած են ու կը պարտադրեն տէրսիմցիներուն: Տէրսիմը ամէն առտու կ՛արթննայ իմամի ձայնէն, որ բոլորին մզկիթներ կը կանչէ նամազ կատարելու: Սակայն տէրսիմցիները անհաղորդ են այդ հրաւէրին. ոմանք միայն առերես, սեփական կեանքը չվտանգելու համար կ՛ընդունին սիւննի դաւանանքը, իսկ իրականութեան մէջ ալեւի եղած են ու ալեւի ալ կը մնան: Այդ փաստը կը զայրացնէ թուրքերը: Որքան ալ թուրքերը ջանան Եւրոպայի աչքին փոշի ցանել, որ իբր թէ կը յարգեն իրենց երկրին մէջ ապրող այլ ազգերու հաւատքը, սակայն ազգայնամոլներու ձեռքով կը հալածեն այլադաւանները, իրենց ձեւակերպմամբ` հաւատուրացները:

Ալեւիները, ի տարբերութիւն թուրքերու, կը խոստովանին, որ Տէրսիմը իրենց հայրենիքը չէ, որ իրենք պարսկական ծագումով ժողովուրդ են ու Տէրսիմ` պատմական Հայաստան եկած են 10-11 դարերուն: Տէրսիմի մէջ հայկական հնագոյն կոթողներ ու եկեղեցիներ կան. ալեւիները մզկիթները ձգած` այդ աւերակ եկեղեցիներուն մէջ մոմ կը վառեն ու կ՛աղօթեն: Անոնք կը մերժեն թրքական ամէն ինչ` ըլլայ կրօն, ըլլայ լեզու…

Ալեւիական կրօնը բազմաստուածութեան, բնապաշտութեան նման է. ալեւիները ծառի, արեւի, ջուրի պաշտամունք ունին: Անոնց սուրբ գետը Մնձուրն է, զոր կ՛անուանեն Անահիտի ջուրեր` հայոց հեթանոս Անահիտ չաստուածուհիի անունով: Տէրսիմցիները չեն արտօներ լուացուելէ եւ ջուր խմելէ բացի, ըսենք, լողալ այդ գետին մէջ: Մնձուրի գետին մէջ անոնք կ՛երդուին, կը մկրտուին, ամուսնութեան ու բարեկամութեան ուխտ կ՛ընեն:

1915-ին թուրքերը Տէրսիմի մէջ ցեղասպանութիւն չեն գործած: Անոնք Տէրսիմը ձգած են հետագային համար: Տէրսիմի մէջ ապրող զազաներն ու քիւրտերը չեն մասնակցած հայկական կոտորածներուն: Աւելի՛ն. իրենք ալ շուտով եաթաղանի բաժին դարձած են:

Թուրքերը Տէրսիմին կ՛ըսեն` Թունջելի. «թունջ»-ը այն գործողութիւնն է, որ թուրքերը ձեռնարկած են Տէրսիմի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու համար: Աթաթուրքի ցեղասպանական վերջին գործողութիւնը իրագործուած է այստեղ, 1938-ին: Այդ ոճրագործութիւնը տէրսիմցիները չեն մոռցած ու ներքին ընդվզումով անընդհատ կը յիշեն այդ մասին: Մինչեւ իսկ տօնական հանդիսութիւններու ժամանակ կարելի է տեսնել երիտասարդներու ձեռքերուն պաստառներ «Տէրսիմ-1938» վերտառութեամբ: Թուրքերը լաւ գիտեն, որ այդ ցեղասպանութիւնը տակաւին չէ մարսուած, ատոր համար ալ առաւօտէն երեկոյ Տէրսիմի վրայ կը հսկեն ուղղաթիռներով ու զինուորներով: Մշտական հալածանքներն ու վերահսկողութիւնը տէրսիմցիներուն կը ստիպեն արտագաղթի դիմել: Միայն արտագաղթածները կը յայտնեն, որ իրենք ալեւի են, ոչ թէ` սիւննի մահմետականներ: Պոլսոյ ու Թուրքիոյ միւս քաղաքներուն մէջ ազատ արտայայտուելու հնարաւորութիւն որոշ չափով կայ, իսկ Տէրսիմի մէջ` բացարձակապէս ոչ:

Ամէն տարուան յուլիս-օգոստոսին Տէրսիմի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Մունզուր» (Մնձուր) մշակութային ու բնապահպանական փառատօնը: Անիկա պատեհ առիթ է, որպէսզի Թուրքիոյ միւս բնակավայրերէն ու Եւրոպայէն գոնէ ժամանակաւորապէս հայրենիք վերադառնան տէրսիմցիները: Ազգային երգ, պար, խօսք, խոհանոց. «Մունզուր»-ը իր յարկի տակ կը հաւաքէ տէրսիմցիները, կը հիւրընկալէ նաեւ այլ ազգերու երաժշտական խումբերը:

«Կարին» աւանդական երգի ու պարի խումբը այս տարի երկրորդ անգամ ըլլալով մասնակցած է «Մունզուր» փառատօնին: Տէրսիմ մեկնելուն աջակցած է «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնը: Նման ճամբորդութիւնները մշակութային համագործակցութիւն ստեղծելէ բացի, նպատակ ունին Տէրսիմի մէջ թաքուն հայեր յայտնաբերել: Առաւել համարձակ տէրսիմահայերը կը խոստովանին իրենց հայկական ծագումն ու մինչեւ իսկ ցանկութիւն կը յայտնեն հայ քրիստոնեայ մկրտուիլ: Անցեալ տարի, օրինակ, տէրսիմցի մը եկած է Հայաստան ու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ` մկրտուած: Տէրսիմցիները հայ հիւրերու ականջին գաղտնի կը փսփսան. «Եթէ Տէրսիմի մէջ ըլլայ մէկը, որ ըսէ, թէ ինք հայկական ծագում չունի, ուրեմն ան ստախօս է»: Սակայն հազիւ շրջապատին մէջ թուրքեր յայտնուին, անոնք կը յայտարարեն, որ մահմետական են, կը խօսին թրքերէն ու կը յայտնեն, թէ թրքահպատակ են: Որքան ալ ըմբոստ ու սեփական պատմութեան արիւնոտ էջերու նկատմամբ ցասումով լեցուած ըլլան, այնուամենայնիւ, տէրսիմցիները ներքին կայուն վախ ունին թուրքերու նկատմամբ, որ արեան հետ կը հոսի երակներուն մէջ ու սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի:

Քաղաքագէտներու կարծիքով, մեր երկիրը պէտք է Տէրսիմի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատէ ու պահպանէ: Ի դէմս տէրսիմցիներու, մենք ունինք համախոհներ` թրքական իշխանութիւններու ծայրայեղ իսլամական քաղաքականութիւնը մերժողներ:

Վերջին տարիներուն Հայաստանի ու Տէրսիմի միջեւ սկիզբ առած յարաբերութիւնները աշխուժանալու միտում ունին: Ոչ ոք գիտէ, թէ Տէրսիմի մէջ քանի՛ հայ կ՛ապրի: Ցեղային, կրօնական, պատմական, մշակութային զարգացումներն ու հասարակական շերտերն ուսումնասիրուած, բացայայտուած չեն, ուստի դժուար է ըսել, թէ տէրսիմահայերու ազգային ու մշակութային նկարագրէն ինչ մնացած է: Տէրսիմէն վերադարձողները կը վստահեցնեն, որ տէրսիմահայերու երգերու եւ պարերու մէջ հայկական շերտեր կան: Ապրելով այլ ազգերու հետ` ժամանակի ընթացքին կենցաղի, մշակոյթի ու աւանդութիւններու փոխանակում տեղի ունեցած է: Սակայն ինչպէս տէրսիմահայ մամիկները շապիկի տակ գաղտնի կը պահեն-կը պահպանեն մետաղէ խաչը, այնպէս ալ հայկական ծագումն ու մշակոյթը ծպտուած կ՛ապրի Տէրսիմի լեռներուն վրայ եւ ձորերուն մէջ, աւերակ եկեղեցիներուն ու պատմութեան հեռաւոր թուականներուն մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES