Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ժապաւէնի Պատճառով. Ազգայնապաշտ Շրջանակներ «Հայրենադաւ» Յորջորջեցին Ֆաթիհ Աքընը
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Գերմանիա բնակող թուրք շարժանկարիչ Ֆաթիհ Աքընի «Կտրուածք» ժապաւէնը, որ կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այս օրերուն շատ կը խօսեցնէ իր մասին ու կարգ մը պահպանողական կամ ազգայնապաշտ շրջանակներու ալ դատապարտութեան կ՛արժանանայ: Ֆաթիհ Աքըն մինչեւ իսկ հայրենադաւութեամբ ամբաստանուեցաւ այս վերջիններուն կողմէ: Ամբաստանութիւնը եկաւ ԱՍԷՄԻՔ կոչուած կազմակերպութեան նախագահ Եուսուֆ Եըլմազէն: ԱՍԷՄԻՔ-ը Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի ու նահատակաց ընտանիքներու միութիւնն է: Յիշեցնենք, որ կայ նաեւ ԱՍԻՄՏԷՐ-ը, որ, Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւնն է: Հիմա անոր կողքին կը գործէ նաեւ ԱՍԷՄԻՔ-ը, որ ինչպէս անունէն յայտնի է, դէմ կու գայ Հայոց «պնդումներ»-ուն: Այս կարգէն բնականաբար այս միութիւնն ալ դիրք պիտի գրաւէր Ֆաթիհ Աքընի ժապաւէնին դէմ:
ԱՍԷՄԻՔ-ի նախագահ Եուսուֆ Եըլմազ, անդրադառնալով «Կտրուածք» անուն ժապաւէնին, ըսաւ, որ հակառակ անոր որ տակաւին ժապաւէնը չէ դիտուած Թուրքիոյ մէջ, սակայն իր մշակած նիւթին պատճառով արդէն տեղի տուած է հակազդեցութիւններու: Այս ժապաւէնը թուրքերը կ՛ամբաստանէ բռնաբարումներու ու ցեղասպանութեան յանցանքներով: Այս ժապաւէնին շարժանկարիչը` Ֆաթիհ Աքըն, հայրենադաւ մըն է, ըսաւ Եըլմազ:
Եըլմազ աւելին ըսաւ.
«Եթէ այս ժապաւէնը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրուի, մենք ալ ժապաւէն մը պիտի դարձնենք: Ֆաթիհ Աքընը պատմութեան անտեղեակ հայրենադաւ մըն է: Մենք ալ հիմա պիտի դարձնենք ժապաւէն մը, որուն մէջ պիտի պատմենք, թէ ինչպէ՛ս մահապատիժի ենթարկուեցաւ հայոց տեղահանութեան մէջ պարտականութիւն ստանձնած Պողազլեանի նահանգապետ Քեմալ պէյը: Այս ազգային հարցին դիմաց ո՛չ մէկը կրնայ հանդիսատես մնալ»:
Ֆաթիհ Աքըն, որուն ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ Վենետիկի փառատօնին, իր կարգին անհանգիստ է ազգայնապաշտ շրջանակներու կողմէ իրեն ուղղուած մեղադրանքներէն: «Ես շատ լաւ գիտեմ, որ թուրքերը չեն կրնար մարսել հայ հերոսի մը պատմութիւնը», ըսաւ ան: Ան մահուան սպառնալիքներ ալ ստացեր է, բայց կ՛ըսէ, որ կ՛արժէ մեռնիլ արուեստի սիրոյն:
Ֆաթիհ Աքընի Մէ-Հէ-Փէցի Հայրը
Հաւնեցաւ Ժապաւէնը
«Հիւրրիյէթ»-ի սիւնակագիր Ահմեթ Հաքան լայնօրէն արտայայտուած է «Կտրուածք» ժապաւէնին մասին: Ահմեթ Հաքան այս առիթով խօսած է նաեւ Ֆաթիհ Աքընի հօրը` Էնվեր Աքընի հետ: Հետաքրքրական է, որ հայերու մասին այսպիսի սրտախօսիկ եւ կոտորածները նոյնութեամբ ցոյց տուող ժապաւէնի մը բեմադրիչին հայրը «Ազգայնական Շարժում» (Մէ.Հէ.Փէ.) կուսակցութեան մէջ գործօն դեր ունեցող քաղաքագէտ մըն է: Այնուհանդերձ, Էնվեր Աքընն ալ սիրած է իր որդւոյն դարձուցած ժապաւէնը եւ զայն կը պաշտպանէ ժապաւէնին եւ իր որդւոյն դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն դիմաց:
Ահմեթ Հաքան դիտել կու տայ, որ հիմա վէճի նիւթ է այն հարցը, թէ այս ժապաւէնը Թուրքիոյ մէջ պիտի ցուցադրուի՞, թէ՞ ոչ: Ըստ Ահմեթ Հաքանի, որ Վենետիկի մէջ դիտած է այս ժապաւէնը, որեւէ պատճառ չկայ, որպէսզի ժապաւէնը չցուցադրուի նաեւ Թուրքիոյ մէջ: Այո՛, անհանգստացնող տեսարաններ կան, այո՛, բռնաբարում կայ, ջարդ կայ, այո՛, թուրքերուն անգթութիւնը կայ, բայց ժապաւէնը այս բոլորին վրայ հիմնուելով` «Տեսէք` թուրքերը ինչպիսի՛ ցեղասպաններ են» ըսող ժապաւէն մը չէ: Ժապաւէնին մէջ լաւ թուրքեր ալ կան, նշաններ կան, որ սպանդները հետեւողական չէին: Ընդհանրապէս բռնաբարումներն ու սպանդները կը կատարուէին զինուորական փախստականներուն կողմէ: Ժապաւէնը կը խօսի նաեւ թուրքերուն կրած դժուարութիւններուն մասին: Բայց գլխաւոր պակասը այն է, որ ժապաւէնին մէջ բնաւ չէ բացատրուած, թէ ինչպիսի՛ դէպքեր պատճառ դարձան 1915-ին: Ժապաւէնին մէջ ամէն ինչ 1915-ին կը սկսի:
Բայց Ֆաթիհ Աքըն այսպէս կը պատասխանէ այս քննադատութեան.
«Ես ցեղասպանութեան ժապաւէն մը չէ՛, որ դարձուցած եմ: Ասիկա քաղաքական բոլոր զարգացումներէ անտեղեակ մարտինցի հայ երկաթագործի մը պատմութիւնն է, անոր պատուհանէն նայեցայ պատահարներուն եւ, անոր տեսանկիւնէն, ամէն ինչ կը սկսէր 1915-ին: Այս պատճառով ես ալ հոնկէ սկսայ»: Ժապաւէնին միայն առաջին քառասուն վայրկեաններուն ընթացքին ցոյց կը տրուի հայերուն դէմ թուրքերուն զուլումը: Ժապաւէնին մնացեալ մասը կը կեդրոնանայ հայ երկաթագործին կողմէ ընտանիքի անդամներու փնտռտուքին վրայ: Այս պատճառով կարելի է ըսել, որ ժապաւէնը «որոնում»-ի մը ժապաւէնն է:
Ահմեթ Հաքան դիտել կու տայ, որ ժապաւէնը ընդհանրապէս հաւնուեցաւ եւ երկարատեւ ծափահարութիւններու արժանացաւ: Ահմեթ Հաքանի քով նստած էր հայուհի մը, որ ժապաւէնի ամբողջ տեւողութեան լացաւ, արցունք հոսեցուց: Բայց արհեստավարժ քննադատներ ընդհանրապէս ժապաւէնը շատ չսիրեցին:
Դիտողներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Հրանդ Տինքին կողակիցը` Ռաքէլ Տինք, որ շատ տպաւորիչ գտաւ ժապաւէնը եւ շարունակ լացաւ: «Կը յուսամ, որ այս ժապաւէնը իրարու ցաւը հասկնալու ճամբայ կը բանայ», ըսաւ ան:
Իսկ Ֆաթիհ Աքըն դիտել կու տայ գերմանական մամուլին կարծիքը այն մասին, թէ կարելի պիտի չըլլայ այս ժապաւէնը ցուցադրել Թուրքիոյ մէջ: Թուրքերը պիտի չարտօնեն: Ուստի Ֆաթիհ Աքըն կ՛ըսէ, որ պէտք չէ, որ իրականանայ գերմանական մամուլին այս ենթադրութիւնը: Պէտք է որ ժապաւէնը ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ ալ:
Որեւէ լուրջ սպառնալիք եկա՞ւ բեմադրիչին: Աքըն կը պատասխանէ, որ շատ փոքր եւ նեղ շրջանակէ մը սպառնալիքներ եղան, բայց կարեւոր չեն: Իր փափաքն է, որ մարդիկ տեսնեն ժապաւէնը, վճիռ չարձակեն առանց ժապաւէնը տեսնելու:
Իսկ Ֆաթիհ Աքընի հայրը` Էնվեր Աքըն, որ Ազգայնական կուսակցութեան մը ուժեղ գործիչ է, եւ որ շարունակ կը յիշեցնէ, թէ ինք «Իւլքիւճիւ» է, կ՛ըսէ, որ սիրած է իր տղուն ժապաւէնը: Իսկ եթէ ոմանք կ՛առարկեն` ըսելով, որ ժապաւէնին մէջ թուրքերը անխիղճ եւ ոճրագործ ցոյց կը տրուին, ան կը մերժէ ու կ՛ըսէ, որ ժապաւէնին մէջ փախստական զինուորները եւ հրոսակախումբերն են, որ վայրագութիւն գործադրած են»:
Իսկ Ֆաթիհ Աքընի համար կարեւոր է իր հօրը նման մարդոց այս ժապաւէնը սիրելը:
«Ես այս ժապաւէնը հօրս նման մարդոց համար դարձուցի, ուզեցի, որ անոնք տուժածներուն զգացումները իւրացնեն: Հայրս կրցաւ ընել ատիկա, այդ պատճառով երջանիկ եմ:
Աւելցնենք, որ ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարն է ալճերիացի ծագումով ֆրանսացի դերասան Թահար Ռահիմ: Ան շատ լաւ կը մարմնաւորէ մարտինցի հայ երկաթագործին կերպարը: Ժապաւէնին մէջ դեր տրուած է նաեւ տիգրանակերտցի հայ դերասան Գէորգ Մալիքեանին, որ Անգլիոյ մէջ նշանաւոր դերասան մըն է:
Ժապաւէնին մէջ երաժշտական բաժինն ալ շատ յաջող է, հայկական ողբերգներ եւ օրօրներ տեւաբար կը հնչեն ժապաւէնին մէջ: Ժապաւէնը ունի երկու ժամ, քսանութ վայրկեան տեւողութիւն: Սուղ արժած ժապաւէն մըն է, 15 միլիոն տոլարի արժած է: Ասիկա Ֆաթիհ Աքընի վերջին ժապաւէններէն եռապատիկ սուղ է, եւ շատ լաւ են ընտրուած վայրերը եւ գործածուած տարազները:
Կարեւոր այլ մանրամասնութիւն մըն ալ այն է, թէ այս ժապաւէնին մէջ հայերը անգլերէն կը խօսին, իսկ թուրքերը թրքերէն: Թէեւ արաբներն ալ արաբերէն կը խօսին, բայց հայերու անգլերէն խօսիլը սկիզբէն կրնայ դիտուիլ որպէս նախապաշարում, բայց Ֆաթիհ Աքըն կ՛ըսէ, որ թեքնիք պատճառներու բերմամբ է, որ հայերը խօսեցուցած է անգլերէն:
Վերջին հաշուով, Ահմեթ Հաքան կը յիշեցնէ. «Եթէ հայկական հարցի մը գոյութենէն լուր չունենայի, այս ժապաւէնը կը դիտէի առանց նեղուելու, որովհետեւ ժապաւէնը շատ սահուն կշռոյթ մը ունի, հետաքրքրական է, դիւցազնավէպի նման ժապաւէն մըն է: Թէեւ իր տեսակին լաւագոյնը չէ, բայց այսպիսի ստեղծագործութիւններու մէջ իր միջին տեղը ունի»:

