«Ձայներ Անցեալէն` Հայ Յեղափոխականներու Գրութիւններէն Հատուածներ», Հեղինակ` Վահէ Հապէշեան
2014-ի ամրան Պոսթընի «Հայրենիք» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուեցաւ «Ձայներ անցեալէն` հայ յեղափոխականներու գրութիւններէն հատուածներ» անգլերէն հատորը, որուն հեղինակն է Վահէ Հապէշեան:
Այս գիրքին մէջ ներառուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) առնչուած պետական գործիչներու, մտաւորականներու, հրամանատարներու, յեղափոխականներու եւ հայդուկներու կենսագրականներն ու գրութիւնները կ՛արտացոլացնեն 1890-ական թուականներէն մինչեւ 1940-ական թուականներ երկարող ՀՅԴ պատմութիւնը: Այդ գրութիւնները ոչ միայն տեսակէտներ կը պարունակեն, այլ նաեւ` աւելի ընդգրկուն գաղափարներ, գաղափարախօսութիւններ եւ սուղ գինով ձեռք բերուած կեանքի դասեր, որոնք գօտեպնդեցին եւ առաջնորդեցին կեանքերը կուսակցական անհատներուն` ՀՅԴ-ի ընդհանուր աշխարհահայեացքով:
Գիրքին մէջ ներկայացուած դաշնակցական նուիրեալներու շարքին են` Քրիստափոր Միքայէլեան, Ռոստոմ, Սիմոն Զաւարեան, Արամ Մանուկեան, Ռուբէն, Մարօ, Գարեգին Նժդեհ, Սիամանթօ, Սողոմոն Թեհլիրեան, Դրօ եւ ուրիշներ…
Հեղինակը յառաջաբանի իր խօսքին մէջ կը վկայէ, որ գիրքին ողնասիւնը կը կազմեն 1990-1991 թուականներուն «Տի Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած դաշնակցական հայդուկներու եւ մտաւորականներու թարգմանուած կենսագրութիւններու իր յօդուածները: Ան նաեւ կը հաստատէ, որ նման յօդուածաշարքով հրապարակագրական բեմին վրայ հանդէս գալու դրդապատճառը այդ օրերուն եռեւեփող ղարաբաղեան շարժումն էր:
170 էջերու մէջ հեղինակը յաջողած է ներկայացնել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դարբնոցի 37 յեղափոխական մարտիկներ, կուսակցական գործիչներ եւ մտաւորականներ: Նման դժուար առաքելութիւն իրագործելու համար հեղինակը ստիպուած եղած է սեղմ գիծերու մէջ առաւելագոյն չափով խտացնել իւրաքանչիւր յեղափոխական առաքեալի կենսագրութիւնը:
Վահէ Հապէշեան եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի պաշտօնաթերթ «Տի Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի օգնական խմբագիր, ապա` գլխաւոր խմբագիր: Համալսարանական մասնագիտութիւնը միջինարեւելեան լեզուներն ու մշակոյթներն են: Ներկայիս ան MarketingProfs.com-ի ընկերութեան հրատարակութեանց բաժանմունքի տնօրէնն է:
Voices From the Past: Excerpts from Writings of
Armenian Revolutionaries By Vahe Habeshian Paperback –
April 22, 2014

