ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ 8-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ
– ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ` 2-2
– ԱՐՈՆԵԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ՔԱՄՍՔԻԷՆ
Նինկպոյի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային 8-րդ ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան երէկ, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Միացեալ Նահանգներու հետ, պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ Ռուսիոյ, որ միակ խումբն ըլլալով արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հունգարիան:
Ամերիկացիներուն դէմ տեղի ունեցած երէկուան ճակատումին, Սերկէյ Մովսիսեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց, երբ պարտութեան մատնեց Ալեքսանտր Օնիսչուքը: Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան յաջորդաբար հաւասարութիւններ արձանագրեցին Եուրի Շուլմընի եւ Եասեր Սէյրաուանի հետ:
Ամէնէն անբախտը գտնուեցաւ Լեւոն Արոնեան, որ պարտուեցաւ Կաթա Քամսքիէն:
Մնացեալ մրցումներուն Ազրպէյճան յաղթեց Հնդկաստանի (3-1), Իսրայէլ` Եգիպտոսի (3-1), իսկ Չինաստան` Ուքրանիոյ (2,5-1,5):
Այսօր` երեքշաբթի, 19 յուլիսին, Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռուսիա:
Դասաւորումը այժմ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
——————ԿԷՏ
1.- Ռուսիա 4
2.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 3
3.- Ազրպէյճան 3
4.- Չինաստան 3
5.- Ուքրանիա 2
6.- Իսրայէլ 2
7.- Հնդկաստան 1
8.- Հունգարիա 1
9.- Միացեալ Նահանգներ 1
10.- Եգիպտոս 0