2011-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ԵՒ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄՈՒՏՔԸ` ԱԶԱՏ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ. «ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՆՇԱՆԱԲԱՆԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ. «ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ` ՄԱՐԶԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻՋՈՑՈՎ»

Իշխան Զաքարեան

Երէկ, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին որոշ լուսաբանութիւններ փոխանցեց 2011-ի Համահայկական խաղերուն գծով, որոնք տեղի պիտի ունենան 13-21 օգոստոսին:

«Նախ եւ առաջ կու գամ ըսելու, որ բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն մուտքը ազատ է: Թէեւ Հայաստանի կառավարութիւնը տրամադրած է 80 միլիոն դրամ, սակայն կու գամ ըսելու, որ այդ գումարը բաւարար չէ բոլոր ծախսերը հոգալու: Կը կարծուի, որ տարբեր հովանաւորներ ալ պիտի ըլլան, որոնց անունները շուտով պիտի յայտարարուին: Տեղին է նշել, որ բոլոր մարզադաշտերը եւ մարզասրահները խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէին տրամադրութեան տակ պիտի դրուին ձրի կերպով: Առիթը յարմար նկատելով` կու գամ աւելցնելու, որ այս խաղերուն նշանաբանը պիտի ըլլայ` «միասնութիւն մարզաշխարհին միջոցով», ըսաւ Զաքարեան:

Անդրադառնալով մասնակցողներուն` ան ըսաւ. «5-րդ համահայկական խաղերուն, մրցանիշ մը պիտի հաստատուի: Ներկայ հանգրուանին 86 քաղաքներէ շուրջ 2200 մարզիկներ պաշտօնապէս առաջարկ ներկայացուցած են մասնակցելու: Սակայն կը կարծեմ, որ շուտով այդ քաղաքներուն թիւը պիտի հասնի 100-ի, իսկ մարզիկներունը` 3000-ի: Այս տարի եւս ամերիկահայերուն թիւը շատ է` 1150: Թուրքիայէն Երեւան կը պատրաստուին ժամանել 210 մարզիկ, Արժանթինէն` 147, իսկ Իրանէն` 400: Դժգոհ ենք Ռուսիայէն, որովհետեւ հոնկէ Երեւան պիտի ժամանեն 103 մարզիկներ: Շատ մեծ աշխատանք պիտի տանինք այդ թիւը աւելցնելու համար»:

Զաքարեան անգամ մը եւս եկաւ շեշտելու, որ մասնակցողները իրենք պիտի հոգան իրենց ճանապարհածախսը եւ Հայաստան կեցութիւնը:

Սակայն ան աւելցուց ըսելով, որ երբ անոնք Զուարթնոց օդակայան ժամանեն, վիզայի գումար պիտի չվճարեն:

Նախորդ չորս համահայկական խաղերուն արդիւնքը պարզած է հետեւեալ պատկերը.

1999` 62 քաղաք եւ 1150 մարզիկ,
2001` 86 քաղաք եւ 1570 մարզիկ,
2003` 75 քաղաք եւ 1559 մարզիկ եւ
2007` 92 քաղաք եւ 2079 մարզիկ:

Համահայկական խաղերուն պիտի կիրարկուին հետեւեալ տասը մարզաձեւերը` ներքոնշեալ մարզադաշտերուն վրայ.

ՖՈՒԹՊՈԼ
Փիւնիկ, Հրազդան, ֆութպոլի Ակադեմիա եւ Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտ

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
Միքա, Կրանտ Թոպաքօ եւ Հայ սլաւոնական համալսարան

ՎՈԼԻՊՈԼ
Կիլիկիա եւ ՀՊՏՀ մարզասրահ

ԹԵՆԻՍ
Օրանժ

ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ
Տինամօ

ՃԱՏՐԱԿ
Ճատրակի տուն

ՊԱՏՄԻՆԹԸՆ
Օրանժ

ԼՈՂԱՐՇԱՒ
Դաւիթ Համբարձումեանի անուան մարզադպրոց

ԱԹԼԵԹԻԶՄ
Արտաշատի քաղաքային մարզադաշտ

ՄԻՆԻ-ՖՈՒԹՊՈԼ
Կրանտ մարզահամալիր եւ ֆութպոլի Ակադեմիա

Share this Article
CATEGORIES