Քամերոն Բրիտանացիներուն Կ՛առաջարկէ Քուէարկել Եւրոպական Միութեան Կազմէն Դուրս Գալու Օգտին

Տէյվիտ Քամերոն

Տէյվիտ Քամերոն

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի կարծիքով` Բրիտանիոյ համար անհրաժեշտ է դուրս գալ Եւրոպական Միութեան կազմէն:

Վարչապետը նշած է, որ Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալէ ետք, ինք պիտի կարենայ երկրին Եւրոպական Միութեան հետ «առաւել սերտ միութիւն» ապահովել:

Քամերոն յայտարարած է, որ 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր ղեկավարած Պահպանողական կուսակցութեան յաղթանակին պարագային ինք ամէն ինչ պիտի ընէ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն դուրս գալու վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու համար: Ինչպէս նաեւ խորհուրդ պիտի տայ բրիտանացիներուն «Այո՛» քուէարկելու այդ որոշումին:

Նախապէս «Պի.Պի.Սի.1» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Քամերոն յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն հրաժարումը շահաւէտ է Բրիտանիոյ համար:

Յիշեցնենք, որ Բրիտանիան Եւրոպական Միութեան անդամ է, սակայն Շենկենի գօտիին մաս չի կազմեր:

Share this Article
CATEGORIES