«Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Ուժանիւթի Միջանցք Ստեղծած Են» Կ՛ըսէ Էրտողան
«Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ շրջանին մէջ միացեալ նախագիծեր իրականացնելով` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ուժանիւթային միջանցք ստեղծած են:
Ըստ Էրտողանի, վառ օրինակներ են Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծը եւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը:
Ան առանձնայատուկ կերպով նշած է նաեւ Թուրքիա-Ազրպէյճան Անդրանատոլական խողովակաշարի (ԹԱՆԱՓ) նախագիծը, որ գործադրութեան հանգրուանին մէջ է. կը նախատեսուի 2018-էն սկսեալ այդ խողովակաշարով ազրպէյճանական կազը հասցնել Եւրոպա: Նախագիծը կը գնահատուի 10 միլիառ տոլարով:
CATEGORIES Միջազգային

