Մարկվելաշվիլի Եւ Էրտողան Ընդգծած Են Վրաց-Թուրք-Ազրպէյճանական Նախագիծերու Գործադրութեան Կարեւորութիւնը

Մարկվելաշվիլի եւ Էրտողան

Մարկվելաշվիլի եւ Էրտողան

Վրացական «Ափսնի» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի Թուրքիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Մարկվելաշվիլի եւ Էրտողան քննարկած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Թուրքիոյ նախագահը անգամ մը եւս աջակցութիւն յայտնած է Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան:

Էրտողան նշած է, որ Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիլ Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան: Հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական եւ մշակութային յարաբերութիւնները եւ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած եռակողմ համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն վրայ:

«Իմ թուրք պաշտօնակիցիս հետ խօսած եմ շրջանային անվտանգութեան հարցերու, վրաց-թրքական յարաբերութիւններու խորացման, վրաց-թուրք-ազրպէյճանական նախագիծերու իրականացման կարեւորութեան մասին: Մենք քննարկած ենք շարունակութիւնը սկսուած նախագիծերուն, որոնք իսկապէս կարեւոր նախապայման են շրջանի կայունութեան եւ զարգացման համար: Մենք քննարկած ենք նաեւ անվտանգութեան հարցերը, որոնք յառաջացած էին Ուքրանիոյ իրավիճակին պատճառով», յայտարարած է Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի:

 

Share this Article
CATEGORIES