Օպամա Բացառած Է Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Պատերազմի Հաւանականութիւնը

Օպամա` հարցազրոյցին ընթացքին
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա բացառած է ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական բախումները:
Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ զինուորական տագնապի հաւանականութիւն, Օպաման պատասխանած է. «Ո՛չ, ես չեմ կարծեր, որ Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ զինուորական բախում տեղի պիտի ունենայ»: Ան միեւնոյն ատեն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ «շատ աշխատած են», որ հանդարտեցնեն Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները:
Օպամա յիշեցուցած է, որ ՕԹԱՆ-ի համաձայնագիրին 5-րդ յօդուածը կը պարտաւորեցնէ բոլոր դաշնակիցներուն զինուորական օգնութիւն յատկացնել այն պարագային, երբ դաշինքի անդամներէն ոեւէ մէկը յարձակումի թիրախ դառնայ: «Եւ Փութին ատիկա կը հասկնայ», ըսած է ան:
Ամերիկայի նախագահը ընդգծած է նաեւ նշանակութիւնը Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու, որոնք շատ վատ անդրադարձած են երկրին տնտեսութեան վրայ: «Ատիկա վատ է նաեւ Ռուսիոյ ապագային համար», ըսած է Օպամա:

