Փորոշենքօ. «Ուքրանիոյ Մէջ Դաշնակցային Դրութիւն Պիտի Չհաստատուի»

Փիոթըր Փորոշենքօ

Փիոթըր Փորոշենքօ

«Քորեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ «1+1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնը դաշնակցայնացման պիտի չդիմէ, այժմ խօսքը միայն ապակեդրոնացման եւ երեք տարուան ընթացքին Տոնպասի յատուկ գօտիի գործողութեան ծիրին մէջ տեղական խորհուրդներուն լիազօրութիւններ տրամադրելու մասին է:

«Ես ձեզի կրնամ վստահեցնել, որ ո՛չ գերիշխանութեան, ո՛չ տարածքային ամբողջականութեան, ո՛չ Ուքրանիոյ անկախութեան հարցերը օրակարգի վրայ են: Ուքրանիան է եւ պիտի մնայ միասնական պետութիւն: Լիազօրութիւններուն մէկ մասը տեղական խորհուրդներուն փոխանցելու մասին մեր խօսածը իշխանութեան ապակեդրոնացման ծրագիրս է», ըսած է Փորոշենքօ:

Ուքրանիոյ նախագահը նշած է, որ Տոնպասի մէջ միայն երեք տարուան ընթացքին գոյութիւն պիտի ունենայ յատուկ գօտի` նախատեսուած 16 սեպտեմբերին որդեգրուած Տոնպասի առանձին շրջաններու յատուկ կարգավիճակի մասին օրէնքով:

Share this Article
CATEGORIES