Գահիրէ Էրտողանը Կ՛ամբաստանէ Սուրիոյ, Իրաքի Եւ Լիպիոյ Մէջ Ահաբեկչական Կազմակերպութեանց Աջակցելու Յանցանքով

0929_Sisi-ErdoganԵգիպտոս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ամբաստանեց ահաբեկչական խմբաւորումներու զօրավիգ կանգնելու յանցանքով, ըլլայ այդ քաղաքական աջակցութեամբ, ֆինանսաւորումով կամ ապաստան տրամադրելով:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ վերոնշեալ ամբաստանութիւնը հաստատուած է տարբեր գնահատումներով եւ Լիպիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ Էրտողանի ուղղակի հաղորդակցութիւններով: Նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց այս հարցին նկատմամբ լուռ չմնալու, որովհետեւ անիկա միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիք կը ներկայացնէ:

Share this Article
CATEGORIES