Դաշնակից Ուժերը Հարուածեցին Սուրիոյ Կազի Մեծագոյն Ենթակառոյցը

0929_SyriaԱմերիկեան եւ դաշնակից ուժերու օդանաւերը երէկ ռմբակոծեցին Տէր Զօրի գիւղական շրջաններու Խաշշամ գիւղին մէջ գտնուող Սուրիոյ բնական կազի մեծագոյն ենթակառոյցը, իսկ Մանպաժ գիւղին մէջ ընդեղէնի ջաղացքներ, ուր քաղաքայիններ եւ աշխատաւորներ սպաննուեցան:

«Մայատին» հաղորդեց, որ արեւմտեան օդանաւերը 9 յարձակում գործած են Ռաքքայի Թապքա օդակայանին վրայ:

Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի արեւմտեան ժողովուրդներուն սպառնաց կռիւը անոնց երկիրները փոխադրել: Ան նաեւ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները զգուշացուց միջազգային «չարիքի» դաշինքին մաս կազմելէն:

Այլ գետնի վրայ, Ժուլանի Լիբանանի մէջ սիւննիներուն կոչ ուղղեց իրենց զաւակները հեռացնելու լիբանանեան բանակէն, «որ ձեր թշնամիին ծառայելու յատկացուած է», եւ զանոնք ժիհատականներու ծառայութեան մէջ զինուորագրելու:

Նախապէս ՏԱՀԵՇ եւս սպառնացած էր Արեւմուտքին դէմ յարձակումներ գործել:

Օպամա. «Միացեալ Նահանգներ
Թերագնահատած Են ՏԱՀԵՇ-ի Ուժը»

0929_Obama-ISIS«Վրեմիա» կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստովանած է, որ մինչեւ վերջին պահը ամերիկեան հետախուզութիւնը թերագնահատած է Սուրիոյ տարածքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ուժը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը համաձայն գտնուած է ազգային հետախուզութեան ղեկավար Ճէյմս Քլափըրի հետ, որ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը սկիզբէն ի վեր չէին գիտակցեր, թէ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը որքան լուրջ է: Օպամա նաեւ նշած է, որ իսլամականներուն դէմ պայքարին մէջ դաշնակից իրաքեան զինեալ խումբերու կարելիութիւնները համոզիչ չեն, ինչպէս կը պատկերացնէին նախապէս:

Սպիտակ տան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Քայիտայի զինեալները Իրաքի մէջ «շուքի մատնուած էին» ամերիկեան զինեալ ուժերէն կրած իրենց պարտութենէն ետք, սակայն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին իսլամական ուժերը վերականգնած են եւ մինչեւ իսկ ուժեղացած:

«Վերջին քանի մը տարիներուն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի քաոսին ընթացքին, որ երկիրը մատնած է անկառավարելի վիճակի, անոնք վերականգնած են եւ ուժեղացած», յայտարարած է Օպամա` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ներկայիս վիճակը երկիրը վերածած է «ժիհատականներու համաշխարհային կեդրոն»-ի:

Պոկտանով. «ՏԱՀԵՇ-ի Շարքերուն Մէջ
Ռուսիոյ Տասնեակ Քաղաքացիներ Կան»

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով կ՛ենթադրէ, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու շարքերուն մէջ Ռուսիոյ տասնեակ քաղաքացիներ կան: Ան աւելցուցած է, որ խմբաւորումին անդամները հմտութիւններ եւ պատրաստութիւններ ձեռք կը բերեն զինեալներու հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ, որմէ ետք վտանգ կը դառնան իրենց երկիրներուն համար:

Արեւմտեան փորձագէտներու կարծիքով` զինեալներու շարքերուն մէջ Ռուսիայէն եւ նախկին Խորհրդային Միութենէն գտնուողներու թիւը կրնայ շատ աւելին ըլլալ` քանի մը հարիւր:

Անցեալ շաբաթ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ընդհանուր թիւը գնահատած էր 30-էն 50 հազար: Ան ընդգծած էր, որ զինեալներու շարքերը կը համալրուին տարբեր պետութիւններէ, ներառեալ` ԱՊՀ-ի երկիրներէն իսլամական ծայրայեղականներով:

Յունիս ամսուան զեկուցումին մէջ «Սուֆան Կրուփ» հետազօտական ընկերութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներու թիւը գնահատած է քանի մը հարիւրով: Նոյն գնահատականը առանց ճշգրիտ թիւ նշելու ներկայացուցած է նաեւ Ծայրայեղականութեան ուսումնասիրման միջազգային կեդրոնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES