Էրտողան. «Չենք Կրնար ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Կռիւ Մղող Դաշինքէն Դուրս Մնալ»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Անգարա չի կրնար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւ մղող դաշինքէն դուրս մնալ»: Ան Պոլսոյ մէջ Միջազգային տնտեսական համախմբումի ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ իր երկիրը չի կրնար այդ դաշինքէն դուրս մնալ, երբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Թուրքիոյ սահմանէն հազիւ քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին, իրողութիւն մը, որ աւելի քան 160 հազար սուրիացիներ փախուստի մղած է:
CATEGORIES Միջազգային

