Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Սինիորա յայտնեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու ժամկէտին հարցը չէ քննարկած:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ սպառնացող որեւէ վտանգ ուղղուած է բոլոր լիբանանցիներուն դէմ` առանց բացառութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին քաղաքական ամբողջական զօրակցութիւն եւ հովանաւորութիւն ապահովել, որովհետեւ զինեալ որեւէ ճակատումի պարագային մարդկային եւ նիւթական մեծ վնասներ կրնան արձանագրուիլ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու արշաւին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ինք վարչապետ Թամմամ Սալամէն իմացած է գաղթականներուն հարցով կառավարութեան յատուկ նիստ մը գումարելու անոր նպատակը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ պլոքի նախագահ Էլիաս Սքաֆ երէկ ընդունեց Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնը, որոնց ներկայութեան ան բարձր գնահատեց Լահհամ պատրիարքին կեցուածքները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը եւ համախոհութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ շեշտեց, որ կառավարութեան եւ խորհրդարանին կողմէ աշխատանքները ձգձգելու մթնոլորտը աւելի շեշտուած կերպով զգալի կը դարձնէ նախագահական աթոռին թափուր մնալու իրականութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ իրենք միլիսներ չունին` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը Ժեզզինի, Պեքաայի եւ Աքքարի մէջ զէնք չի բաժներ, «սակայն բոլորը զէնքի կարիքը կը զգան, յատկապէս Արսալի աղէտալի դէպքէն ետք, իսկ լիբանանեան ընկերութիւնը կը զգայ ահաբեկչութեան վտանգը», ըսաւ ան:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ Ղովմի կուսակցութիւնը թեր պիտի քուէարկէ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն օրինագիծին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին կարելի չէ տեղեկատուական միջոցներուն դիմել` լիբանանեան բանակը քննադատելու նպատակով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES