Միքաթի Ընդունեց Թրիփոլիի Միւֆթին

Միքաթի եւ միւֆթի Շաար
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք միւֆթի Շաար յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը եւ հոն իրագործուելիք միացեալ ծրագիրը, որ Միքաթիի օժանդակութեամբ եւ զօրակցութեամբ պիտի գործադրուի:
Ան ըսաւ, որ Թրիփոլի կարիքը ունի միասնականութեամբ ընդգծելու լիբանանեան ազգային սկզբունքները, որպէսզի վերջ տրուին բոլոր այն ամբաստանութիւնները, թէ Թրիփոլիի մէջ օրինազանցութիւնը տիրական է:
«Թրիփոլի հաւատարիմ է լիբանանեան պետութեան ու կը զօրակցի լիբանանեան բանակին եւ այդ իմաստով կ՛ողջունէ բանակն ու ապահովութեան բոլոր ուժերը», շեշտեց միւֆթի Շաար:
Ան հաստատեց, որ նախորդ քանի մը օրերուն ընթացքին Քըպպէի եւ Պապ Թըպպանէի մէջ կատարուած բոլոր իրարանցումները շինծու են, եւ Թրիփոլիի մէջ ահաբեկչական մտայնութիւն գոյութիւն չունի: «Պարզապէս ոմանք կը ցաւին իրենց զաւակներուն համար, որոնք տարիներէ ի վեր բանտարկուած են առանց դատավարութեան», ըսաւ ան:
Շէյխ Մալեք Շաար ընդգծեց նաեւ, որ անկարելի է, որ ՏԱՀԵՇ-ը իսլամական կրօնին հետ կապ ունենայ` շեշտելով, որ ոչ մէկ կրօն կ՛արտօնէ գլխատումը:

