Պասիլ. «Հոլանտա Խոստացած Է 3,2 Միլիոն Տոլարով Օժանդակել Լիբանանեան Բանակին»

Պասիլ եւ Թիմըրմանզ
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Լա Հէյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հոլանտացի իր պաշտօնակիցին` Ֆրանս Թիմըրմանզի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի կարիքները:
Հանդիպումին ընթացքին Թիմըրմանզ շեշտեց, որ հոլանտական իշխանութիւնները կը խոստանան լիբանանեան բանակին 3,2 միլիոն տոլարով օժանդակել:
Պասիլ նշեց նաեւ, որ Թիմըրմանզի հետ քննարկած է շրջանին մէջ տիրող ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միջոցները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

