Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Տար Ֆաթուա

Հըզպալլայի հետ հանդիպումէն պահ մը
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի:
Պատուիրակութիւնը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի անունով շնորհաւորեց միւֆթի Տըրիանը` իր ստանձնած պաշտօնին առիթով եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց, նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Սէյիտ յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծած ներքին լիբանանեան եւ միջարաբական ու միջիսլամական միասնականութեան պահպանումը` շեշտելով շրջանի գլխաւոր պետութիւններուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:
«Թշնամիները չկրցան Միջին Արեւելքի դէմ իրենց նպատակները իրականացնել, հետեւաբար անոնք դիմեցին ներքին առումով Լիբանանը բզկտելու քայլին, եւ հիմնականին մէջ այս է մեր դիմագրաւած հսկայ հարցը: Արաբ ազգը սուղ վճարեց ներխուժումներուն, պատերազմներուն եւ արտաքին միջամտութիւններուն գինը, ան վճարեց նաեւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն գինը, իսկ այսօր ան կը վճարէ այդ խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու գինը», ըսաւ Սէյիտ:
Հանրապետութեան միւֆթիին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի:

