Վարչապետ Սալամ Ընդգծեց Նախագահական Ընտրութեան Անհրաժեշտութիւնը

Իպրահիմ, Մաշնուք եւ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման ջանքերն ու Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Սալամի այցելեցին նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Քննարկուեցան երկիրը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն պատճառով Լիբանան սուղ գին կը վճարէ:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի ազգային միասնականութեան պահպանումը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ կարեւոր է քաղաքական ուժերուն միջեւ նուազագոյն փոխըմբռնումը գոյացնել եւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը շատ զգայուն է եւ թափանցիկութեան կարիք ունի. ան մաղթեց, որ քաթարեան եւ թրքական միջամտութիւնները օժանդակեն այդ հարցին լուծման:
Նշենք, որ Ատհայի տօնին առիթով պետական բոլոր հաստատութիւնները եւ քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան շաբաթ, 4, կիրակի, 5 եւ երկուշաբթի, 6 հոկտեմբերին:

