Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարցը Կը Մնայ Անլոյծ

0929_Abbas_IbrahimԸնդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, անդրադառնալով առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն պահանջներուն, նշեց, որ եթէ զինուորներուն հարազատները որոշած են առեւանգողներուն պայմանները գործադրել, ապա անիկա փորձանք է:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին առումով լոյսի նշոյլ մը կայ եւ բանակցութիւնները ճիշդ հունի մէջ դրուած են` աւելցնելով, որ իրենք այդ մասին ոչինչ պիտի յայտարարեն:

Պէտք է աւելցնել, որ բանակը Պեքաայի Եունին շրջանի բարձունքներուն վրայ գրաւեց մազութի սիթեռն մը, որ զինեալներուն կը պատկանէր:

Միւս կողմէ, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն կողմէ երէկ առաւօտեան փակուեցան Քալամունի, Թրիփոլիի, Տահր Պայտարի մայրուղիները, ինչպէս նաեւ Թարշիշ-Զահլէ ճամբան, որոնք փակ մնացին մինչեւ կէսօր:

Տահր Պայտարի մայրուղիին վրայ բողոքի ցոյց կատարող առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, որ հաստատեց անոնց նկատմամբ իր զօրակցութիւնը:

Նշենք, որ «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման անուղղակի բանակցութիւնները վարող քաթարցի բանագնացը զինեալներուն կողմէ խոստումներ ստացած է առեւանգեալներէն մէկը չսպաննելու իմաստով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES